ՍԻՒՆԻՔ, «Հետք»,- Սիւնիքի մէջ իւրանիոմի պաշարներու շահագործումը կասեցնելու նպատակով, «Ազատամարտ» կոմիտէի նախագահ Խորէն Յարութիւնեան յայտնած է, թէ ինք, Կապանի շարք մը բնապահպանական հասարակական կազմակերպութիւններու եւ փորձագէտներու հետ միասին, պատրաստ է պայքարելու մինչեւ վերջ։ «Ուրանի շահագործման դէպքում մեռնելու ենք՝ մէկ-երկու տարի աւել կամ պակաս, ուրեմն աւելի լաւ չէ՞ պայքարենք, առաջը փակենք. սա էլ պատերազմի մի տեսակ է», ըսած է Խ. Յարութիւնեան՝ ընդգծելով. «Այս նոյն տարածաշրջանի համար կռուել ենք, մեր տղաներից շատերը զոհուել են: Ուրանի շահագործման դէմ մեր պայքարը նոյն կերպ մի պատերազմ է»։
Նշենք, որ Հայաստանի ամբողջ տարածքին իւրանիոմի պաշարներու հետազօտութեան եւ իւրանիոմի հանքավայրերու շահագործման մենաշնորհը տրուած է «հայ-ռուսական լեռնահանքային կազմակերպութիւն» ընկերութեան: Ուսումնասիրութիւնները սկսած են 2009ի Օգոստոս 5ին եւ պիտի տեւեն մինչեւ 2014ի Օգոստոսը: Կապանի բնակիչներուն հաւաստումով, կազմակերպութեան կողմէ տարածուած են սուտ տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, կապանցիները կողմ են նշեալ ծրագիրին իրականացման։
Մայիս 25ին, Պատերազմի եւ խաղաղութեան լուսաբանման հիմնարկի հայաստանեան մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր լրագրողական այցելութիւն դէպի Սիւնիքի մարզ, ուր Կապանի Օրհուսի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է քննարկում մը, որուն ընթացքին բնապահպանները յայտարարարած են, թէ իւրանիոմի պաշարներու հետազօտական արդէն իսկ սկսած աշխատանքները մտահոգիչ են՝ յատկապէս առողջապահական տեսանկիւնէ:
Քննարկման մասնակից Կապանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Աւետիք Համբարձումեան վստահեցուցած է, թէ իրենք եւս դէմ են իւրանիոմի օգտագործման: Ըստ անոր, նախքան կառավարութեան դիմելը, իրենք իւրանիոմի վտանգաւորութեան մասին ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները պէտք է ունենան:
«Խուստուփ» բնապահպանական կազմակերպութեան ղեկավար Վլադիկ Մարտիրոսեան, իր կարգին, յիշեցուցած է, թէ իւրանիոմի հարստացման պարագային, կը վարակուին ստորգետնեայ ջուրերը, որոնցմով տուեալ մարզը բաւական հարուստ է: Անիկա, իր հերթին, կ՛աղտոտէ Հայաստանի ջրային բոլոր պաշարները, ինչպէս նաեւ մեծ հարուած կը հասցնէ բերքի անվտանգութեան:
Իւրանիոմի հանքերու ստեղծումը կ՛արդարացուի աշխատատեղեր ստեղծելով, սակայն, ըստ Վ. Մարտիրոսեանի, մարզի տղամարդոց մեծ մասը ապահովուած է աշխատանքով:
Իր կարգին, «Սիւնիքի քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման կենտրոն»ի ղեկավար Տիգրան Ստեփանեան կոչ ըրած է ներկաներուն փոխելու քննարկումներուն եղանակը եւ անցնիլ յստակ գործողութիւններու. «Դուրս գանք փողոց ու միանշանակ ասենք՝ ո՛չ, ուրանի խնդրով թող ընդհանրապէս մօտ չգան մեր տարածաշրջանին», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.