ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական բաժանմունքին տարեկան 22րդ ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Մարտ 29ին, ներկայութեամբ 200 ուսանողներու, ծնողներու, դասախօսներու եւ հայկական համայնքէն ներկայացուցիչներու:
Ընթրիքէն ետք, ձեռնարկին պաշտօնական բաժնին բացումը կատարեց Հայագիտական բաժանմունքի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, որ յակիրճ կերպով նշեց ծրագիրին իրագործումները եւ ըսաւ, թէ ներկայիս ծրագիրին դասանիւթներուն մասնակցող ուսանողներուն միջին թիւը 32 է:
Ապա, դասախօս դոկտ. Սերճիօ Լա Փորթա խօսեցաւ ծրագիրէն ներս իր միամեայ փորձառութեանց մասին, իսկ համալսարանին կրթական հարցերու փոխտնօրէն Ուիլեըմ Քովինօ դրուատեց ծրագրին իրագործումները:
Այս ելոյթներէն ետք տեղի ունեցաւ կրթանպաստներու բաշխումը: Այս տարի, աւելի քան 40 ուսանողներ ստացան 70,000 տոլարէն աւելի կրթանպաստներ:
Աւարտին, տեղի ունեցած Ուիլեըմ Սարոյեանի նուիրուած «Սարոյեանի կտակը» շարժապատկերին ներկայացումը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուէր Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ներկաները նաեւ առիթը ունեցան ֆիլմին մասին կարծիքներ փոխանակելու բեմադրիչ Գրիգոր Յարութիւնեանին հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.