Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի (ՍԹՎ) սանուց միութեան հովանաւորութեամբ, Կիրակի, Մայիս 30ի կ.ե. ժամը 2ին, Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի հաւաքական մկրտութիւն՝ երախաներու, պատանիներու եւ չափահասներու:
Մկրտութեան համար պատրաստուողներ, գլխաւորաբար չափահասներ, Շաբաթ, Մայիս 8ի առաւօտեան հրաւիրուած էին առաջնորդարան, ուր «Արմէն եւ Կլորիա Համբար» դահլիճին մէջ առաջնորդը ողջունեց անոնց ներկայութիւնը: Ապա առաջնորդարանի Կրօնական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մաշտոց Չօպանեան բացատրութիւններ տուաւ անոնց Ս. մկրտութեան խորհուրդին մասին, ինչպէս նաեւ մկրտութեան գործնական ընթացքին մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.