ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մայիս 11ին, Հանրապետութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ Երեւան-Քաշաթաղ-Շուշի-Ստեփանակերտ-Ասկերան-Շահումեան-Մարտակերտ-Մարտունի-Հադրութ-Ստեփանակերտ Յաղթանակի հեծելարշաւը, որ կ՛իրականացուի ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ ԼՂՀ մշակոյթի նախարարութեան համագործակցութեամբ:
Մրցոյթի 20 մասնակիցները Մայիս 12ին կը ժամանեն ԼՂՀի Քաշաթաղ շրջանը, ուր Մայիս 13ին իրենց պիտի միանան նաեւ շրջանի մարզիկները, ու պիտի սկսի Քաշաթաղ-Շուշի-Ստեփանակերտ-Ասկերան-Շահումեան-Մարտակերտ-Մարտունի-Հադրութ-Ստեփանակերտ երթը:
Մայիս 18ին կը նախատեսուի հեծանիւի շքերթ Շուշիէն Ստեփանակերտ, ինչպէս նաեւ մրցում՝ Ստեփանակերտի Հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.