ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 11ին Երեւանի մէջ ներկայ գտնուած է ռուսական «Աֆինա Պալատա» ընկերութեան «ՍՄՏ» ժամանակակից բժշկական սարքերու գործարանի հիմնարկեքի արարողութեան:
Գործարանը պիտի արտադրէ մէկ անգամ օգտագործուող բժշկական իրեր: Կը նախատեսուի, որ անիկա ապահովէ շուրջ 800 աշխատատեղ:
Կը նախատեսուի արտադրանքին 50 տոկոսը սպառել ներքին շուկային մէջ, մնացեալը՝ արտահանել: Գործարանը պիտի սկսի գործելու 2011ի առաջին եռամսեակի աւարտին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.