Դեռ Միւռոնը Չէ Չորցած, Սրբազան
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կանաչ խոտը բռնկեցաւ տապանաքարին մօտ: Գերեզմանի նոճիներն անգամ զարմացան վաղաժամ այս այցելութեան, որովհետեւ իրարու հետ կը զրուցէին ըսելով, թէ միւռոնի բոյր կ՛առնենք տակաւին ճակատէն անոր՝ որուն մեր մօտ վերջնական հանգիստի գալը շա՜տ կանուխ է դեռ:
Այո՛, միւռոնը թաց էր դեռ ճակատին վրայ Ատրպատականի հայոց թեմի երիտասարդ առաջնորդ՝ Նշան սրբազանին, որուն եպիսկոպոսական օծման ուրախառիթ դէպքը, երէկուան չափ թարմ յուշ ունի տակաւին բոլորիս յիշողութեան մէջ:
Մահուան անգթութեան մասին բազմաթիւ զրոյցներ կրնան պատմուած ըլլալ, սակայն անոնք իրականութեան կը համապատասխանեն միայն այն ատեն, երբ անիկա իր մանգաղը շարժէ երիտասարդ հոգիներու ուղղութեամբ, ու յաջողի հնձել անոնցմէ մէկուն գլուխը:
Դպրեվանքի գրասեղաններուն նստած գեղադէմ, կանաչ աչքերով Արան շուտով հասակ առաւ, միշտ հոգածութիւնը վայելելով իր պատասխանատուներուն, եւ ի վերջոյ որոշեց հոգեւորական ասպարէզը ընդգրկել, զինք ձեռնադրող Հայրապետին՝ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին աւազանի անունը ժառանգելով: Մէկ դասարանի տարբերութիւն կար մեր երկուքին միջեւ, սակայն բնա՛ւ երկու խումբի հասկացողութիւն: Դպրեվանեցիներս հասարակաց հետաքրքրութիւններ ունէինք մեր եկեղեցւոյ ու սեփական ապագային առնչուող, որոնք կը քանդէին ամէն տեսակի բաժանման պատեր կամ պատնէշներ:
Կեանքի դժբախտ պատահարներու դիմաց գտնուելու վարժութիւնը հետզհետէ ձեռք ձգեց Նշան Սրբազան, երբ տակաւին Դպրեվանքի ուսանող, կորսնցուց իր եղբայրներէն երկուքը՝ զոհ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին: Մանկութեան տարիներուն կորսնցուցած ըլլալով հայրը, արդէն պարզապէս քաղցր յուշ մըն էր անոր անունը իրեն համար: Վերջընթերը պիտի ըլլար իր մօր կորուստը Թաւրիզի մէջ, որուն մահով վերջնականապէս մօտէն պիտի հեռանար իր պահապան հրեշտակը, որ անքուն հսկողն ու խնամատարն էր իր վտիտ առողջութեան: Իսկ վերջինը՝ ի՛նք պիտի ըլլար, երիտասարդ տարիքին, վառ տեսիլքը աչքերուն, ու ծառայութեան կանչը հոգիին մէջ:
Երիտասարդ հոգեւորականի անփորձ տարիքին, լուսնէն պոկուած երկնաքարի նման ինկաւ Ատրպատականի պատմական թեմին մէջ, ուրկէ անցած Մելիք-Թանգեաններու եւ պատուական բոլոր առաջնորդներու փորձառութեան շունչը ու թեմին մէջ քանդակած անոնց ոգին պիտի կազմաւորէին զինք շատ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին: Շատ չանցած, արդէն պատրաստ թեկնածուն էր ան իր թեմի հոգեւոր ղեկավարութեան համար, ուստի, Թեմական Խորհուրդը 2002 թուականի Օգոստոսին զինք պիտի ընտրէր որպէս Առաջնորդ Ատրպատականի հայոց թեմին: Իսկ 4 Յունիս 2006ին ան պիտի եպիսկոպոսանար, Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինումով ու Թեմական խորհուրդին փափաքով:
Ընկերայնութեան հետ ընկերասիրութիւնը, Նշան սրբազանի նկարագրին բնորոշիչ գիծերէն մէկը եղաւ: Միաբանութեան ամէնէն վերջին ձեռնադրեալ նորեկ անդամն իսկ շուտով կը վայելէր իր մտերմութիւնը երբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիպէր իրեն, խօսակցական լեզուին ամէնէն պարզ բառերուն մէջ տեսնելով հարազատ եղբայրութիւնն ու անկեղծութիւնը, որ տարբեր ընկերութեանց հաւաքական կեանքի սահմաններէն սկսած է հեռանալ առհասարակ: Անվերջանալի յուշերը, դպրեվանքեան հին օրերէն քաղուած մանրավէպերը ու աշակերտական երբեմն չարութիւնները, Նշան սրբազանին յիշողութեան մէջ միշտ թարմ կը մնային, ու զանոնք վերյիշեցնելով, եղբայրական հաւաքական կեանքը կը վերանորոգէր, հին սերունդը նորին կապելու ճարտար ողջմտութեամբ:
Մանկութեան, լեռնալիբանանի Շթորա գիւղի արաբական միջավայրին մէջ իր առաջին բառերը թոթոված Նշան սրբազան, Դպրեվանքի յարկին տակ շուտով տիրապետեց հայերէն լեզուին, եւ սահուն մայրենիով իր մտածումները արտայայտելու կարողութիւն ցուցաբերեց: Իսկ աւելի ուշ՝ ժողովական կեանքի մէջ, առաջադրուած հարցերը քննարկելու յստակատեսութիւն եւ հեղինակաւոր շեշտ աւելցուց իր արտայայտութիւններուն, զգացականութիւնը միշտ վառ պահելով իր արտասանած իւրաքանչիւր խօսքին մէջ: Լեզուական նոյն ճարտարութիւնը պիտի ցուցաբերէր նաեւ հետագային պարսկերէնի ու ազերիական թրքերէնի մէջ, սահուն արտայայտուելով այդ երկու լեզուներով եւս:
Լեզուն գիրի վերածելու, ու իր ապրումները թուղթին յանձնելու սովորութիւնը եւս բնա՛ւ չմեռցուց իր մէջ: «Դպրեվանքեան Ղօղանջ» պարբերականի, «Գլաձոր» տարեգիրքի եւ հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հասկ» Պաշտօնաթերթին մէջ իր առաջին քայլերը առնելով, Նշան սրբազան հետզհետէ թարգմանական եւ ուսումնասիրական իր աշխատանքներով, մտաւորական հոգեւորականի յատկանիշներ եւս ցուցաբերեց: Աբեղայական տարիներուն իր խնամուած քարոզներու ժողովածուն լոյս ընծայեց կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին խմբագրութեամբ, իսկ իր առաջնորդական տարիներուն, մի քանի հատորներով ի մի խմբեց տարիներու ընթացքին իր աշխատութիւնները, որոնք բոլորն ալ հոգեւոր ու ազգային ապրումներով թրծուած գրութիւններ ըլլալով, իր յաւերժական կտակը պիտի դառնան ընթերցողներուն ընծայուած: Իսկ վերջին տարիներուն, Թեմի պաշտօնաթերթ «Արտազ»ը եւս մտաւորական իր հակումներուն արդիւնքը պիտի ըլլար, հարուստ բովանդակութեամբ ու ժողովրդային մօտեցումներով:
Պատմական թեմի մէջ իր ծառայութիւնը նաեւ զինք պիտի դարձնէր բծախնդիր պաշտպանը այն կոթողներուն, որոնք մեր եկեղեցւոյ քարահունչ պատմութիւնը կը ներկայացնեն, լուռ վկան հանդիսանալով հարուստ մշակոյթի ու խոր հաւատքի: Մակուի մէջ Ս. Թադէի վանքը՝ հայոց հնագոյն սրբավայրը, Ծործորի եկեղեցին, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը Արաքսի ափին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ խոնարհած եկեղեցիներ ու մատուռներ, իր յարատեւ այցելութեան վայրերն էին: Իսկ անոնց նկատմամբ Իրանի կառավարութեան մշակոյթի նախարարութեան երեւելի հոգածութեան գծով, մեր ժողովուրդը շատ բան կը պարտի Նշան սրբազանի անձնական կապերուն ու հնարամիտ քայլերուն:
Հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան դասերը Դպրեվանքի գրասեղաններուն ետին իբրեւ ոգի ստացած այս ուշիմ աշակերտը, ի՛նք պիտի ըլլար առաջին ահազանգ հնչեցնողը համայն աշխարհին, Նախիջեւանի մէջ Ազերիներու կողմէ օրը ցերեկով գործուած ոճիրներուն՝ պատմական æուղայի գերեզմանատան հայկական խաչքարերու քանդումին ու ոչնչացման մասին: Լեռնագնացութեան սէրը իր ծննդավայր գիւղէն ժառանգած ըլլալով, Նշան սրբազան անձամբ պիտի երթար մինչեւ Իրանեան ափը Արաքս գետին, ու տեսագրէր մշակութային վերջին եղեռնը մեր ժամանակակից պատմութեան: Որսորդի հագուստով ծպտուած, Ատրպատականի հայոց թեմի քաջարի առաջնորդին պիտի յաջողուէր շատ մօտէն նկարահանել այն, ինչ որ անցեալին կատարուած էր թուրքին կողմէ, քաղաքակիրթ աշխարհի կոյր աչքերուն դիմաց:
Հիմա, անշնչացած է սրբազանին կայտառ մարմինը, առ յաւէտ պապանձած է զուարթախօս լեզուն, յետ այսու միշտ բացակայ պիտի ըլլայ իր հաճելի ներկայութիւնը, սակայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մեր միաբանութեան մէջ միշտ պիտի յիշուի ան, իր խիզախ նկարագրով ու բարի յիշատակներով:
Վանաբնակ միաբաններու արցունքէն սկսան ճարճատիլ վանքի ուխտասեղաններուն դիմաց վառուող մեղրամոմերը, հեկեկալով այս անժամանակ կորուստին համար: Իսկ Անթիլիասի Մայր Խորանին վրայ, իր գահին մէջ բազմած Աստուածամօր փափուկ սիրտը անգամ մը եւս ճմլուելով, դարձեալ տամկացուց անոր մայրական քնքուշ աչքերը:
Ցյարութի՜ւն: Ափսո՜ս որ դեռ միւռո՛նը չէ չորցած, Սրբազա՛ն: