Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան, Շաբաթ, Մարտ 27ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ կատակաբան Լոռի Թաթուլեանի մենաներկայացումը՝ «Ամէն ինչ, որ կ՛ուզես գիտնալ հայերու մասին» խորագիրով: Թաթուլեան իր ելոյթին ընթացքին կարկինը լայն պիտի բանայ՝ սկսելով Արարատ լերան վրայ հանգչած Նոյեան տապանէն ու հասնելով Կլենտէյլի լերներուն վրայ հաստատուած հայերուն:

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ալթատինայի մէջ գտնուող ԹՄՄի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ (1901 N. Allen Ave., Altadena, CA 91001): Մուտքը՝ ներառեալ ընթրիք, 40 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 25 տոլար:
Տեղեր ապահովելու համար դիմել «Ապրիլ» կամ «Պերճ» գրախանութները՝ յաջորդաբար (818)243-4112 ու (818)-244-3830 թիւերով: