ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Մարտ 24ին տեղի ունեցած է պաշտպանութեան ռազմավարական աշխատանքները համակարգող գերատեսչական յանձնաժողովին հերթական նիստը՝ նախագահութեամբ յանձնաժողովի համանախագահներ՝ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի:
Նիստի ընթացքին քննարկուած եւ ամփոփուած են ռազմավարական վերանայման երրորդ փուլի ընթացքին կատարուած աշխատանքները։ Համանախագահները իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են նախորդ ամիսներուն ընթացքին յանձնաժողովին եւ անոր կից փորձագիտական խումբերու աշխատանքին գծով, ապա անոնք ցուցմունքներ տուած են յանձնաժողովի հետագայ աշխատանքները կազմակերպելու եւ պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման չորրորդ փուլը սկսելու ուղղութեամբ:
Նոյն օրը, ՊՆ նախաձեռնութեամբ, Էրեբունի համայնքի Ազատամարտիկներու պուրակին մէջ տեղի ունեցած է ծառատունկ՝ նուիրուած Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 65րդ տարեդարձին եւ Շուշիի ազատագրման 18ամեակին: Ծառատունկին մասնակցած են պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, բարձրաստիճան զինուորականներ, ազատամարտիկներ, բանակի ծառայողներ, ինչպէս նաեւ համայնքի բնակչութիւնը, դպրոցականներ եւ ուսուցիչներ։
Մեկնաբանելով նախորդ օրերուն մամուլին մէջ հրապարակուած տեղեկութիւնները՝ ՊՆ Սէյրան Օհանեանի պաշտօնանկութեան մասին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սէյրան Շահսուվարեան հաստատած է, թէ նշեալ լուրերը կեղծ են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան: «Նախարարը սովորականի պէս շարունակում է կատարել իր պարտականութիւնները», նշած է Շահսուվարեան:
Յիշեցնենք, որ հայաստանեան լրատուամիջոցներով հրապարակուած են տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, պաշտպանութեան նախարարը յառաջիկայ օրերուն իր հրաժարականը պիտի ներկայացնէ նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Լուրերուն մէջ մասնաւորապէս նշուած էր, թէ Օհանեան արդէն իսկ լքած է կառավարական ամառանոցը, ուր կը բնակէր վերջին տարիներուն: