ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիան դժգոհ է Ուաշինկթընէն ու որոշած է անպայման գործնական քայլերով ցոյց տալ իր ընդվզումը: Ի վերջոյ, պէտք է գործնական քայլեր առնուին, որպէսզի Ուաշինկթըն յետագային աւելի լուրջի առնէ թրքական սպառնալիքները եւ անխուսափելի վրէժխնդրութիւնը կանխելու միջոցներու դիմէ:
Թուրք լրագրող Պուրաք Պեքտել, թրքական այս վրէժխնդրութիւնը լուսարձակի տակ առած է՝ երգիծական երանգներով ներկայացնելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վրայ անոր թողելիք ազդեցութիւնը:
«Կռինկօներ, զգուշացէ՛ք, թուրքերը սոթթած են իրենց թեւերը վրէժխնդրութեան մը համար, որուն տարողութիւնը անհասանելի է նոյնիսկ ձեր հոլիվուտեան բեմադրիչներու երեւակայութեան», այսպէս կը սկսի Պեքթալ «Հիւրրիյէթ»ի 9 Մարտի թիւին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածը:
«Մենք ձեր ապրանքները պիտի չգնենք այլեւս եւ ձեր տնտեսութիւնը պիտի քայքայուի, մենք մեր դեսպանը Անգարա պահելով՝ ձեզ դեսպանազուրկ պիտի թողունք եւ դուք այդ պատճառով անքուն գիշերներ պիտի անցնէք, ինչպէս ժամանակին անքուն գիշերներ անցուցին ու այսօրուան տխուր վիճակին հասան առանց թուրք դեսպանի մնացած Ֆրանսան, Զուիցերիան, Արժանթինը (առաջին երկուքը Ցեղասպանութեան հերքումը պատժելի դարձնող օրէնք որդեգրած էին, իսկ Արժանթինի խորհրդարանը Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ընդունած էր-Խմբ.)»:
Պեքթալ նաեւ կը հեգնէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիպ Էրտողանը՝ զայն անհաւասարակշիռ նկատելով, այնքան, որ եթէ իմանայ քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմընի հրեայ ըլլալը, կրնայ զայն դաշունահարել, երբ գործի բերումով օր մը հանդիպի անոր:
Աֆղանիստանի, Իրանի ու Իրաքի հանդէպ ամերիկեան քաղաքականութիւնը ձախողցնելու սպառնալիքը աւելի ծանրակշիռ է անշուշտ, քան տնտեսական պատժամիջոցը, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ, հաւանաբար, աւելի ի վնաս Թուրքիոյ պիտի ըլլայ, քան Ամերիկայի: Տնտեսական ներկայ ճգնաժամային պայմաններու տակ, երբ Թուրքիան ալ կը դիմագրաւէ ծանր տագնապներ, Ամերիկայի պէս հսկայական շուկայ մը կորսնցնելու հաւանականութիւնը վստահաբար պիտի զսպէ թրքական վրէժխնդրական զգացումները եւ զանոնք խօսքի մակարդակէն անդին պիտի չանցընէ: Իրանի, Իրաքի, Աֆղանիստանի հարցով ալ Թուրքիան միշտ ամերիկեան նախաձեռնութիւններուն հանդէպ վերապահ եղած է, ու այդ վերապահութեան մէջ յաւելեալ շեշտադրում մը դժուար թէ փախցնէ ամերկացիներուն քունը:
Պետութիւններ, մանաւանդ մեծ պետութիւններ միշտ պիտի ուզեն անշուշտ փայլուն յարաբերութիւններու մէջ մնալ իրենց համար կարեւոր երկիրներու հետ: Թուրքիան, անկասկած, կարեւոր երկիր է Ամերիկայի համար: Բայց որեւէ երկրի սպառնական կամ վրէժխնդրական յայտարարութիւններուն առջեւ տեղի տալով քաղաքականութիւն ճշդելը, վստահաբար, մեծ երկրի մը վարքագիծին չի պատշաճիր: