ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Փոքրամասնութիւններու դէմ ծրագրուած «Վանդակի գործողութեան» հարցով դատուող 17 ամբաստանեալներու ամբաստանագրին մէջ հետաքրքրական ու մտահոգիչ փաստաթուղթեր կան։ Հոն գտնուած է Թուրքիոյ մէկ քարտէսը, ուր մասնաւորաբար նշուած է, թէ՝ ո՞ր նահանգներուն ժողովուրդը հաւատացեալ է, ո՞ր նահանգներունը՝ անհաւատ։ Այս քարտէսին մէջ «հաւատացեալ» նահանգները կանաչ ներկուած են, իսկ անհաւատները՝ կարմիր։ Այս բոլորէն դուրս կան նաեւ ոչ իսլամներու անուններն ու հասցէները ցոյց տուող ցանկեր, նաեւ ճշդուած է վայրը, ուր ոչ իսլամները կը հաւաքուին ու ժողով կը գումարեն։
Փաստաթուղթերուն մէջ նոյնպէս գնահատանքներ կան զինուորական միաւորներու մասին. զինուորական որոշ միաւորներ ցոյց կը տրուին իբրեւ անվստահելիներ, որոնց պէտք չէ յանձնուին կարեւոր պարտականութիւններ։ Մասնաւոր բաժիններ կան քրիստոնեայ աւետարանիչներու ու աղանդներու կապակցութեամբ։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Պեշիր Աթալայ հերքած է Պոլսոյ շարք մը թաղամասերու մէջ հայերու եւ յոյներու տուներուն վրայ նշաններ փակցնելու դէպքերուն հետ կապուած լուրերը, որոնք ամիսներ առաջ շրջանառութեան մէջ էին: «Հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք, տուներու պիտակաւորման դէպքեր չեն յայտնաբերուած։ Իսկ 2009ի Յունուարէն ի վեր, ոչ մէկ բողոք ստացուած է ոչ իսլամ բնակչութեան ուղղուած սպառնալիքներու կամ ճնշումներու առնչութեամբ», յայտարարած է Աթալայ՝ պատասխանելով քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ այս մասին ներկայացուած հարցումին։
Նաեւ, «Ենի Շաֆաք» թերթը Երկուշաբթի, Փետրուար 22ին գրած է, թէ փոքրամասնութիւներու դէմ ծրագրուած «Վանդակի գործողութիւն»ը միայն թուղթի վրայ չէր մնացած, այլ արդէն իսկ գործադրութեան դրուած էր նախքան անոր բացայայտումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.