ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, երէկ մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր, ականաւոր պետական-քաղաքական գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 130ամեակը: Սոյն հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ քաղաքական գործիչներ: Ներկայացուեցան Ա. Մանուկեանի կենսագրութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գործունէութեան որոշ դրուագները վեր առնող տեսաերիզ: Երաժշտական եւ պարային կատարումներով հանդէս եկան «Սարդարապատ» եւ «Ակունք» խումբերը, ինչպէս նաեւ հայկական երգարուեստի կատարողներ:
Նշենք, որ Արամ Մանուկեան ծնած է 1879ին, Շուշի, արհեստաւորի ընտանիքի մը մէջ: Ան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ականաւոր գործիչներէն էր եւ Թիֆլիսի հայոց Ազգային խորհուրդի անդամ:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն, Արամ Մանուկեան ղեկավարած է Վանի հերոսամարտը, որուն շնորհիւ, 1915ին Վանի բնակչութիւնը փրկուած է ջարդէն: Արամ Մանուկեան այդ օրերուն հռչակուած է Վանի նահանգապետ: Ան նաեւ Սարդարապատի հերոսամարտի կազմակերպիչներէն էր: