ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
88ի Փետրուարին, հայ ժողովուրդը ոտքի ելաւ եւ բռնեց Արցախի ազատագրութեան ճամբան այնպիսի վճռականութեամբ, այնպիսի հաւատքով, որուն աւարտը միայն ու միայն յաղթանակը կրնար ըլլալ: Պարտութիւնը մահ պիտի ըլլար, իսկ ազգը որոշած էր ապրիլ:
Եւ կ՛ապրի ազգը այսօր, Հայաստան ու Արցախ Աշխարհի մէջ, անկախ, առօրեայ մտահոգութիւններով, կեանքի պայմաններ բարելաւելու ամէնօրեայ աշխատանքով: Կ՛ապրի ազգը՝ կառուցելով, զարգացնելով, ստեղծագործելով, անկախութեան բերկրանքէն յառաջացած առաջին շրջանի գինովութիւնը թօթափելով իր վրայէն ու «հաշտուելով» նոր իրականութիւնը իբրեւ անշրջելի վիճակ ընդունելու գաղափարին հետ:
Այս հաշտեցումը կենսական է, որովհետեւ այդ ճամբով միայն ժամանակաւոր կարգավիճակի հոգեբանութենէն կը ձերբազատուինք ու յաւերժութեան միտող պետական ու ազգային ծրագիրներով կը շարժինք:
Այդպէս, հանգիստ ու անխռով, այսօր Հայաստանի եւ Արցախի գիւղացին կը սիրաբանի իր հողին հետ:
Այդպէս, խրոխտ ու վեհ հայ մանուկը կը սկսի իր կրթական կենսագրութիւնը՝ իր, ընտանիքին, շրջապատին համար կեանքի լաւագոյն պայմաններ ապահովելու բոլոր գործիքներուն տիրանալու ոգիով:
Այդպէս, հայը՝ կին ու այր, տէր կը կանգնի իր անձնական, հասարակական, ազգային պարտականութիւններուն ու պատասխանատուութիւններուն:
Այպէս, օրէ օր մեր բոլորին մէջ աւելի կը խորանայ, կ՛արմատաւորուի անկախ պետութեան մը քաղաքացիի հոգեվիճակը, ոչ մէկուն պարտք ունենալու, ոչ մէկուն քծնելու, ոչ մէկուն առջեւ խոնարհելու, ազատ, անկաշկանդ մարդու նկարագիրը:
Այս ամէնը շահուեցաւ ժառանգուած, առհաւական ոգեղէն ուժով, հարիւր հազարաւորներու սրտերէն ժայթքած յանդգնութեամբ, քաջութեամբ ու նուիրումով:
Պատի՛ւ այդ սերունդին: Պատի՛ւ մեր ժողովուրդին: Պատի՛ւ Արցախեան ազատամարտի հերոսներուն: