ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Երկուշաբթի, Փետրուար 8ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը շարունակուեցաւ, բաւական երկար ընդմիջումէ մը ետք, եւ ինչպէս կ՛ակնկալուէր, նիստը եւ դատարանին առջեւ տեղի ունեցած ցոյցը նախկիններէն աւելի փոթորկոտ ու աղմկալի էին, որովհետեւ այս անգամ ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ «ընդյատակեայ պետութեան» ահաբեկչութեանց այլ զոհերու ընտանեկան պարագաներն ու բարեկամները, որոնք դատապարտեցին նման ոճիրներու պատասխանատուները անպատիժ ձգելու Անգարայի կեցուածքը:
Յատկանշական էր, որ նիստի առաջին բաժնին, ամբաստանեալներուն՝ ներառեալ ոճրագործ Օկիւն Սամասթին, կողքին նստած էին վկաները, որոնք նաեւ խօսած են ամբաստանեալներուն հետ:
Տինքի փաստաբանները բողոքեցին այս իրավիճակին դէմ, որմէ ետք վկաները դուրս բերուեցան դատարանէն: Երբ այդ վկաներէն մէկը հարցաքննութեանց կանչուեցաւ, ան ընդունեց, թէ խօսած էր Սամասթին հետ, որ իրեն ազդարարած է, թէ՝ մինչ ինք արդէն իսկ երեք տարի է, որ բանտարկուած է, վկաները հինգ տարուան բանտարկութեան կրնան դատապարտուիլ:
Վկան շարունակելով յայտնած է, թէ Սամասթ ոճիրէն մէկ օր առաջ իրեն եւ երկու ուրիշներու խոստովանած էր, թէ նման արարքի մը պիտի դիմէ, սակայն իրեն չէին հաւատացած: Խնդրոյ առարկայ այս հանդիպումին այլ ներկայ մը՝ Երկուշաբթի օր հերքեց այս վկայութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ ան նախապէս ընդունած էր, թէ Սամասթ նման խոստովանութիւն մը կատարած է:
Միւս կողմէ, ոստիկանութիւնը Երկուշաբթի օրուան նիստին «մոռցած էր» դատարան բերել «գաղտնի վկայ» մը, իսկ Տրապիզոնի նախկին ոստիկանապետ Ռամազան Աքիւրեք նամակով մը դատարանին տեղեկացուցած է, թէ իրմէ պահանջուող որոշ փաստեր չի կրնար ներկայացնել, որովհետեւ անոնց բացայայտումը կրնայ «ապահովական հարցեր ստեղծել»:
Տինքի փաստաբանները անհիմն համարեցին այս պնդումը եւ պահանջեցին անոնց բացայայտումը:
Կիրակի օր, «Ռատիքալ» թերթին մէջ այս մասին կարեւոր յօդուած մը ունէր յայտնի լրագրող Ճենկիզ Չանտար, որ գրած է, թէ Տինքի դատավարութեան 12րդ նիստը Մեհմետ Ալի Աղճայի ազատ արձակումէն ետք, առաջին նիստն էր։ «Աղճա բանտէն ելաւ ու հեռատեսիլի աստղի մը վերաբերում տեսաւ. ասիկա խոր ցաւ պատճառեց ամէնէն առաջ (Աղճայի կողմէ սպաննուած) Իփեքճիի ընտանիքի անդամներուն. Ապտի Իփեքճիին դուստրը՝ Նիւքհեթ Իփեքճի, առաջին անգամ հեռատեսիլէն ցոյց տուաւ իր հօրը արիւնոտ ու փամփուշտներէն ծակծկուած շապիկը, զոր պահած էր 30 տարիէ ի վեր։ Նախապէս սպաննուած անձերու ընտանիքներուն անդամներն ալ այժմ որոշած են իրենց ձայնը միացնել Հրանդ Տինքի դատավարութեան, ու զայն դարձնել խորհրդաւոր մահափորձերու դէմ բողոքի ու պահանջատիրութեան բեմահարթակ»։ Երկուշաբթի օրուան հաւաքին կային Նիւքհեթ Իփեքճին, փրոֆ. Մուամմեր Աքսոյի որդին, դատախազ Տողան Էօզի կողակիցը, Ուղուր Մումճուի մերձաւորները, այսինքն՝ քաղաքական ոճրագործութեանց զոհերու շատ ընդարձակ ընտանիք մը։
Չանտարի համաձայն, այս իրականութիւնը կրնայ շատ բան փոխել դատավարութեան գնացքին մէջ, իսկ ոճրագործները բացայայտելու պայքարը շատ աւելի ազդու կը դառնայ, եթէ գլխաւոր թերթերու խմբագիրները եւս ներկայ գտնուին այս դատավարութեան։
Չանտար դիտել կու տայ, որ Տինքի ոճիրը Տրապիզոնի մէջ խումբ մը ազգայնապաշտ պատանիներու մէկ որոշումին հետեւանքը չէր։
Յիշեցնելով Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցի օրով Հրանդին որդւոյն՝ Առատի, կողմէ ըսուած «Երեք տարիէ ի վեր մեր քթին կը խնդան» նախադասութիւնը, Չանտար դիտել կու տայ, որ այսօրուան դատավարութիւնը մասամբ ցոյց պիտի տայ, թէ «Մեր քթին խնդալու» գործողութիւնը պիտի շարունակուի՞, թէ ոչ:
ՏԻՆՔԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ԴՊՐՈ՞Ց
Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Նիմեթ Չուպուքչու, թրքական «Զաման» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին փափաք յայտնած է՝ Թուրքիոյ դպրոցներէն մէկը կոչել Հրանդ Տինքի անունով։ Ի պատասխան «Զաման»ի՝ «Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք այն հնարաւորութեանը, որ Թուրքիոյ դպրոցներէն մէկը կոչուի խտրականութեան զոհ դարձած Հրանդ Տինքի անունով» հարցումին, Չուպուքչուն յայտարարած է. «Շատ լաւ կ՛ըլլայ, եւ բնականաբար՝ նման բան կրնայ ըլլալ։ Հրանդը մարդ մըն էր, զոր ես շատ կը սիրէի, եւ որուն կորուստը ինծի մեծ ցաւ պատճառեց։ Կը կարծեմ, որ ատիկա մեծ կորուստն էր նաեւ Թուրքիոյ համար։ Ի հարկէ, ինչո՞ւ չէ: Շատ լաւ միտք է։ Եթէ նման բան տեղի ունենայ, դպրոցի բացումը միասին պիտի ընենք»։
Անցեալ տարի Պոլսոյ քաղաքապետարանը մերժեց «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան հարեւանութեամբ գտնուող փողոցը վերակոչել Հրանդ Տինքի անունով։