ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
29 Յունուարը մահուան տարելիցն է մեծանուն ԱՐԱՄի, որ ի հեճուկս անցեալի թէ ներկայի բոլոր ուրացումներուն, արժանաւորապէս իր բարձրադիր տեղը գրաւած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ իբրեւ նոր ժամանակներու Հայաստանի անկախութեան կերտիչն ու հայոց պետականութեան վերականգնումին հիմնադիրը։
1919ի Յունուարի այդ օրը, Երեւանի իր անշուք բնակարանին մէջ, բծաւոր տիֆէ վարակուած ու մարմնապէս լրիւ հիւծած՝ իր բոցավառ աչքերը առյաւէտ փակեց Արամ։ Ինչպէս որ իր կենսագիրներէն Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, բծաւոր տիֆը այդ օրերուն իսկական աւեր կը գործէր ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։ Հազիւ 11 օրեր առաջ, Թիֆլիսի մէջ, միեւնոյն վարակով վախճանած էր հայ յեղափոխական շարժման դարբինը՝ նոյնինքն Արամի եւ անոր դաշնակցական սերնդակիցներուն գաղափարական Ուսուցիչը հանդիսացած Ռոստոմը։
Թէ՛ տուեալ ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներու դիմագրաւման առումով, թէ՛ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ազգային–պետական վերականգնումի դժուարին երթը առաջնորդելու իմաստով՝ ծանրագոյն կորուստ ու հարուած էին ե՛ւ Ռոստոմի, ե՛ւ Արամի այդօրինակ, անժամանակ մահերը։ Արամի մահով՝ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանկարծ զրկուեցաւ մեր ժողովուրդի ազգային–հասարակական ներքին միասնութիւնը պահպանող եւ հունաւորող անփոխարինելի գործիչէն՝ ատենի Ներքին Գործոց նախարարէն։
Արամի նուիրուած մենագրութեան հեղինակը՝ Արշալոյս Աստուածատրեան այնքա՜ն դիպուկ նկարագրականը կը կատարէ հայ ժողովուրդի արդի շրջանի պատմութեան մէջ Ազգային Ղեկավարի ամբողջական կերպարը մարմնաւորած Արամի համաժողովրդային յուղարկաւորութեան.
– «Արամի յուղարկաւորութիւնը ժողովրդական մեծ սգի արտայայտութիւն էր։ Հազարաւոր մարդիկ եկել էին վերջին յարգանքը մատուցանելու այն մարդուն, որին վստահել էին իրենց բախտը ամենածանր օրերին։ Ես գիտեմ, թէ ի՛նչ է եղել Արամը՝ Երեւանի համար, բայց եւ այնպէս, երբ դագաղը դուրս բերինք բնակարանից, այն, ինչ տեսայ դուրսը՝ մի վայրկեան սթափեցրեց մեծ կորուստի ազդեցութիւնից ու զարմանք պատճառեց – աչքդ որ կողմ ուղղում էիր՝ ծով բազմութիւն. փողոց, տանիք, լուսամուտ, պատշգամ – բոլորը բռնուած էին մեծ տարածութեան վրայ. ամբողջ քաղաքը՝ մեծ ու փոքր՝ դուրս էին եկել փողոց։ Պօղոս–Պետրոս եկեղեցուց սկսած մինչեւ հանգստարան, դիակառքը մնաց դատարկ. դագաղը տանում էին ձեռքերի վրայ. եւ տանողները գլխաւորապէս վանեցիք էին, որոնք յատուկ սէր ու գուրգուրանք ունէին Արամի հանդէպ։ Դաշնակցութեան Տան առջեւ դամբանականներ խօսուեցին։ Հոյակապ էին եւ անմոռանալի Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերը։ Հանգստարանում խօսեցին Յ. Քաջազնունին եւ Ա. Գիւլխանդանեանը։ Այդ օրը Հայաստանի մայրաքաղաքը խորունկ սուգի մէջ էր…»։
Այդպէ՛ս. Արամ Մանուկեան կարճատեւ կեանք ունեցաւ, հազիւ յիսուն տարեկանին հեռացաւ մեր աշխարհէն, բայց իր անունին կապեց այնպիսի՛ մեծագործութիւն, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ արդի ժամանակներու հայ ժողովուրդի ճակատը պայծառացնող լուսաւոր աստղերու ամէնէն ճառագայթողը։
Բուն անունով Սերգէյ Յովհաննիսեան՝ Արամ դիւցազնական Զանգեզուրի զաւակ էր, ծնած էր 1879ին, Ղափանի Զէյվա գիւղը։ Աւարտած էր Շուշիի Թեմականը, որ ժամանակի հայեցի դաստիարակութեան եւ յեղափոխական կազմաւորման հնոց էր։ Ուսումը շարունակելու սիրտ չունեցաւ Արամ, որովհետեւ Երկրի կանչը պատանի տարիքէն արդէն գրաւած էր անոր միտքն ու հոգին։
Թեմականի շրջանին արդէն Դաշնակցութեան անդամագրուած, Արամ 1901ին ուղարկուեցաւ Պաքու՝ Անդրկովկասի նաւթային կեդրոնի հայ պանդուխտ բանուորներուն ազգային–յեղափոխական պատրաստութեան ու կազմակերպման գործին լծուելու առաքելութեամբ։ Թէեւ Արամի սիրտը Երկիր անցնելու գաղափարական հուրով կ՛այրէր՝ հայ ազգային–ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով, բայց Պաքուի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն նախընտրեց իր մօտ պահել գաղափարական խոր համոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը։
1903ին Արամ յաջողեցաւ անցնիլ Կարս՝ հոնկէ Երկիր մուտք գործելու առաջադրանքով։ Բայց Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները եւս նախընտրեցին իրենց մօտ պահել հայ երիտասարդութիւնը իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու բնածին տաղանդով առանձնացող գործիչին։ Արամ տարի մը մնաց Կարս, բայց տարաւ այնքան գործ՝ սահմանը անցնողներու գաղափարական ու մարտական պատրաստութեան եւ զէնքի փոխադրութեան գործի արդիւնաւոր կազմակերպման իմաստով, որ դաշնակցական իր գործունէութեան առաջին հանգրուանը բարձրակէտի առաջնորդեց՝ Կարսի Սերգէյի հռչակով։
1904ին վերջապէս արտօնուեցաւ Արամի, որ սահմանը կտրէ դէպի Վան՝ հոնկէ Սասուն անցնելու համար։ Բայց դարձեալ կեանքը տարբեր դասաւորում ստացաւ։ Վանեցիք ամրօրէն փարեցան արդէն Արամ անունով ներկայացող դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916 թուականը, շատ կարճ ընդհատումով, ապրեցաւ ու գործեց Վասպուրական աշխարհի մէջ։
Վանի մէջ գործունէութեան այս երկարատեւ շրջանը Արամի կեանքին առանցքային բաժինը կազմեց՝ ազգային–քաղաքական գործիչի անոր մեծ վաստակին ամրակուռ պատուանդանը հանդիսանալով։
Ոչ միայն ՀՅԴ Դուրան–Վասպուրականի կազմակերպութեան մէջ, այլեւ ողջ Վասպուրականի հայութեան մօտ Արամ տարածեց Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն սկզբունքէ եւ օրէնքէ վեր դասելու գաղափարական ուսմունքը։
Օսմանեան կառավարութեան աչքի փուշը դարձած Արամին որքան ատեցին, այնքան ալ պատկառանքով նայեցան Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները։ Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ տեսաւ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «Փաշա» անուանեց զայն։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ պատմական վերիվայրումներով յղի այդ երկար ժամանակշրջանին, Արամ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը մարմնաւորող անվիճելի ղեկավարը։ Ազգային–քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ պետական տարողութեամբ ենթակառոյցի ստեղծման առումով՝ Արամ բախտորոշ Գործ կատարեց վանի մէջ։ Արգասիքը եղաւ 1915ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ։ Իբրեւ այդպիսին՝ ան նշանակուեցաւ Վանի կառավարիչ, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու, այլեւ Վան մտած ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու վստահութեան։
Բայց յատկապէս Արամի երեւանեան գործունէութեան մէջ տեսանելի ու ճառագայթող է ազգային ու պատմական առումով անոր մեծագործութիւնը։
1917ին իր Երեւան ժամանումէն մինչեւ 1919ի իր մահը, Արամ Մանուկեան բառին ամէնէն ամբողջական իմաստով Արարատեան Դաշտի ողջ հայութեան խտացեալ մարմնաւորումը դարձաւ։ Որբի եւ ողբի, գաղթականութեան եւ յուսալքումի, արշաւող թուրքէն սարսափահար եւ դէպի Ռուսաստան հայեացքը յառած ցանուցրիւ հայութենէն, ամիսներու վրայ տարածուող իր տենդոտ աշխատանքով եւ բազմութիւններ գերելու եւ ի մի բերելու, համախմբելու եւ կազմակերպ ամրոցի վերածելու իր տաղանդով՝ Արամ շունչ եւ մարմին տուաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի յաղթական հերոսամարտներուն։
Պատահական չէր, որ հայոց նորագոյն պատմութեան օրհասական այդ պահուն՝ Երեւանի հայութիւնը «Դիկտատոր» կարգեց Արամին եւ անոր վստահուեցաւ ազգային իր ճակատագրին դարբնումը։ Արամ արժանաւորապէս իրագործեց իր ուսերուն վրայ դրուած ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը եւ դարձաւ հիմնադիրը Հայոց Պետականութեան վերականգնումին։
Կենսագիրներու միահամուռ վկայութեամբ՝ եթէ անողոք հիւանդութիւնը չկտրէր կեանքի թելը Արամին, հայոց նորագոյն պատմութեան այս հսկան ի վիճակի պիտի ըլլար նաեւ առողջացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան մեր ժողովուրդին ազգային–հասարակական ներքին շաղախը։ Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու ուժը ջլատող ցեցերու դէմ պայքարի մեծ գործ կար տակաւին եւ յատկապէս Արամ ի վիճակի էր պատուով յաղթական իր աւարտին առաջնորդելու այդ պայքարը։
Բայց ճակատագիրը ընդհատեց անոր կեանքը եւ անաւարտ թողուց անոր ձեռնարկած մեծ գործը։
91 տարի առաջ, Յունուարի այս օրը, առյաւէտ երկինք բարձրացաւ լուսաւոր աստղը Արամի, որ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ մարմնաւորեց Ազգային Ղեկավարի ամբողջական կերպարը՝ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հատուածները ի մի բերելու եւ դէպի պայծառ գալիքը առաջնորդելու իմաստով։