ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Նուվել Տ՛Արմէնի».- Արտասովոր ասպարէզի ուղիով, Ավինիոն (Ֆրանսա) քաղաքին մէջ «Երկու ցեղասպանութիւններու միջեւ ծնած» (Nee entre deux genocides) Եահել Շիրինեանը, իր ճամբորդութեան պայուսակը Հնդկաստանի մէջ վար դրաւ տասը տարիներ առաջ:
Ան կերպարուեստի արուեստագէտ մըն է, որ հանրածանօթ է Լոս Անճելըսէն մինչեւ Թոքիօ, անցնելով Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք:
Շահինեանի գործերը ինքնուրոյն են եւ ունին իրական հրապոյր: Անոնք զգայացունց են, ոգեղէն, օժտուած՝ կեանքի ուժով, կախուած՝ իրապաշտութեան եւ մոլութեան միջեւ, ուր ժամանակը կը յանձնուի ներքին լոյսին:
Եահել Շահինեանի գործերու ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ Յունուար 28ին, Պրիւքսէլի «Կալերի Էլեն Լեւի Փրոժէ»ի մէջ եւ պիտի տեւէ մինչեւ Մարտ 6, 2010: