ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վերաբերեալ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին որոշումէն ետք, Թուրքիա կը պատրաստուի Հայաստանի դէմ դիւանագիտական նոր արշաւ մը շղթայազերծելու։
Իր տեղեկութիւնները թրքական աղբիւրներէ քաղելով՝ «Էյ.Փի.Էյ.» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու պիտի այցելէ Զուիցերիա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ զուիցերիացի իր պաշտօնակից Միքայէլ Ամպիւլի հետ, քննելու համար Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը, որ ըստ Թուրքիոյ՝ կը հակասէ արձանագրութիւններու ոգիին։ Սինիրլիօղլու պիտի փորձէ իր պաշտօնակիցին ուշադրութիւնը հրաւիրել այն իրողութեան, որ եթէ Հայաստան արձանագրութիւններուն հակասող քայլի դիմէ, ապա Թուրքիա այս գործընթացը պիտի չշարունակէ։
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Անգարա կը ծրագրէ անձնական հանդիպումներու միջոցով Հայաստանի դէմ դիւանագիտական արշաւը ընդարձակել, որմէ ետք իրաւական փաստաթուղթերը պիտի ներկայացուին առնչակից կողմերուն։ Սինիրլիօղլու կը ծրագրէ նաեւ այցելել ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրները՝ Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա։