Երկրաշարժի եւ փոթորիկի գիշեր մը, Սուրմալուի Իգդիր գիւղին մէջ, 1884 Մայիս 31ին կը ծնի Դրաստամատ Կանայեան՝ Դրօ:
Իգդիրը Սուրմալու գաւառին կեդրոնն էր: Ռուս սահմանապահ զօրքերու կարեւոր այս կայանը սահմանակից է Արեւմտահայաստանի:
Դրոյի հայրը՝ Մարտիրոս Կանայեան, խելացի, ուժեղ կամքով, հարուստ, ազդեցիկ եւ ժողովուրդի մէջ յարգանք վայելող մարդ էր: Իր մեծ տան մէջ հիւրերը անպակաս էին եւ հայկական շունչ ու ոգի կային անոր յարկին տակ:
Դրօ կը մեծնայ այս մթնոլորտին մէջ: Ան կը սիրէր թափառիլ դաշտերը, մանաւանդ՝ զօրանոցներու շրջակայքը, ուր կատարուած զինուորական մարզանքները կը յափշտակէին զինք: Ան կը սիրէր նաեւ հրացան գործածել եւ ձի հեծնել:
Հայրը, տեսնելով որ գիւղի դպրոցը Դրոյին տեղը չէ՝ զինք կ՛ուղարկէ գիմնազիան, ուր իբրեւ գիշերօթիկի աշակերտ՝ կը մնայ խստապահանջ ուսուցիչի մը տունը. սակայն ան դարձեալ ուսման սէր ցոյց չի տար: Ան կ՛որոշէ ձգել դպրոցը եւ մտնել զինուորական վարժարան՝ հետագային յեղափոխական մարտիկ դառնալու համար:
Դրօ անմիջապէս չի մեկնիր զինուորութեան, այլ ժամանակ մը կը մնայ իր ծննդավայրին մէջ: Վրայ կը հասնին 1903ի Յունիս 12ի ցարական հրամանագիրը եւ հայ ազգային եկեղեցական կալուածներու գրաւումը: Դրօ, որ իր խառնուածքով ըմբոստ տղայ մըն էր, ամբողջութեամբ կը նետուի կռիւի մէջ:
Նոյն տարուան ամրան մեծ թափ կը ստանայ զէնքի փոխադրութիւնը Սուրմալուի վրայով դէպի Արեւմտահայաստան: Դաւաճաններու եւ լրտեսներու գոյութիւնը, սակայն, ահազանգի կը մատնէ գործը: Թեջերապատի (Սուրմալուի գիւղերէն մէկը) գիւղապետ Մարտիրոսը, մատնութիւններ կ՛ընէ: Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ Դրոյին եւ Գերդանին կը վիճակուի անոր հաշիւը մաքրելը: Կը հասնի յարմար առիթը, երբ Կանայեաններու մտերիմ բարեկամ, ռուս տղայ Սաշա Զաբոլոտկօ եւ իր ընկերները Դրոյենց տան հիւրը կ՛ըլլան: Երեկոյեան, կերուխումի պահուն, լուր կը հասնի Դրոյին, թէ դաւաճանը երկու հոգիի հետ հրապարակի վրայ է: Դրօ կը թռչի դուրս եւ մէկ հարուածով գետին կը փռէ զայն: Վրայ կը հասնի Գերդան եւ դաշոյնի երկու հարուած ալ ա՛ն կու տայ դաւաճանին: Երկու ահաբեկիչները կը ձգեն դէպքին վայրը: Դրօն կը վերադառնայ տուն: Ծանրօրէն վիրաւորուած Մարտիրոս, սակայն, անմիջապէս չի մահանար. ձերբակալութիւններ կը կատարուին. կը ձերբակալուի նաեւ Դրօն: Երբ կը տեսնէ Դրօն, Մարտիրոս կ՛ըսէ, թէ ան էր զինք ահաբեկողը: Ռուս սպայ Սաշան կը պնդէ, թէ Դրօն իրեն հետն էր ամբողջ ժամանակ եւ կ՛աւելցնէ, թէ Մարտիրոս տաքութեան մէջ կը զառանցէր եւ գիտակից չէր իր ըսածին: Քանի մը օր ետք Դրօ ազատ կ՛արձակուի:
Այս դէպքը Դրոյի մարտական աշխատանքներուն առաջինը կ՛ըլլայ: Կուսակցութեան որոշումով ան կը հեռանայ Սուրմալուէն, կ՛անցնի Հիւսիսային Կովկասի Պրատիգորով քաղաքը, ուր եւ կը զինուորագրուի:
1905, Փետրուար 6ին Պագուէն կը հասնին հայ-թաթարական առաջին ընդհարումներուն լուրերը: Դրօ գաղտնօրէն կը հեռանայ զօրաբաժինէն եւ կ՛անցնի Պագու, ուր կը միանայ դաշնակցական հայդուկներու շրջանակին՝ Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեամբ:
Պագուի նաւթաշխարհին մէջ, հայութիւնը տնտեսական եւ մշակութային մեծ կշիռ մը կը ներկայացնէր: Այնտեղ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ծաւալէր ու կը զօրանար: Ռուս բռնատիրութիւնը հայոց դիմադրական ուժը կոտրելու համար, կը դիմէր որեւէ միջոցի, այս պարագային՝ տգէտ մահմետականութիւնը կը ծառայեցնէր իբրեւ գործիք հայերու դէմ: Հայեր զոհ կ՛երթան թալանող ու կոտորող ատրպէյճանցի թուրքին: Պարզ էր, որ ցարական իշխանութիւնն էր ծրագրողը այս վայրագութիւնները, զորս կը գործադրուէին նահանգապետին ձեռքով: Ուստի, Շրջանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կ՛առնուի անոր ահաբեկման որոշումը: Նիկոլ Դուման, 21 տարեկան երիտասարդ Դրոյին կը յանձնէ այդ պարտականութիւնը եւ 11 Մայիս 1905ին, օր ցերեկով Դրօ կ՛իրականացնէ իրեն յանձնուած գործը:
Պագուէն շուտով կ՛անցնի Երեւան, ուր իրեն առջեւ կը պարզուի մռայլ տեսարան մը: Քաղաքի թուրքերը անակնկալօրէն սպաննած էին 20-25 հայեր: Տեղւոյն մարտական ղեկավար Խեչոյի հետ խորհրդակցելով՝ կը ծրագրէ ուժեղ հակահարուած մը, որ կը շշմեցնէ թշնամին:
Օգոստոս 1905ին, Դուման Դրօն կ՛ուղարկէ Նախիջեւան: Դրօ Նորս գիւղը կ՛ընտրէ իբրեւ կեդրոն եւ կը սկսի գիւղերու ինքնապաշտպանութեան գործին: Տեսնելով շրջանի եռուզեռը՝ դրացի թուրքերը կը յարձակին, բայց կը հանդիպին Դրոյի խումբի բուռն դիմադրութեան: Հայ գիւղացիները կը գրաւեն թուրքերուն տաւարը: Նորսի կռիւը մեծապէս կը բարձրացնէ Դրոյի հեղինակութիւնը հայդուկներու ու ժողովուրդի աչքին: Այնուհետեւ, Քեռիի ընդհանուր հրամանատարութեան կողքին ան կը վարէ լեռնային Նախիջեւանի եւ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան շատ կռիւներ եւ ի վերջոյ թշնամին պարտուած կը դիմէ հաշտութեան: Դրօն կը փաստէ իր հմուտ կազմակերպիչ, տաղանդաւոր խմբապետ եւ ռազմագէտ ըլլալը:
1908ին, Դրօ կը հաստատուի հին Պայազիտ՝ իբրեւ քարիւղի վաճառական Սուրէն Էֆէնտի: Ան գործի եւ բարեկամական կապեր կը հաստատէ քրտական գիւղապետներու եւ թուրք պաշտօնեաներու հետ: Իր քաղցր բնաւորութեամբ կը գրաւէ անոնց սրտերը, բայց ներքնապէս, Կովկասի սահմանագլխի Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը հաղորդակցութեան կապի եւ զէնքերու փոխադրութեան վարիչը կ՛ըլլայ:
1914ին վրայ կը հասնի Առաջին աշխարհամարտը: Դրօ կու գայ Թիֆլիս, ուր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ժողովը կ՛որոշէ ռուսական զօրքերու կողքին հայ կամաւորական խումբերը ուղարկել ճակատ՝ կռուելու համար Թուրքիոյ դէմ: Նոյն տարուան Հոկտեմբեր 21ին կը սկսի ռուս-թրքական պատերազմը: Հայկական գունդերը յառաջապահ դիրքերու վրայ էին: Դրօ 2րդ գունդի հրամանատար էր, Վանի գիծին վրայ:
Բաւական յառաջանալէ ետք, ան կռիւի կը բռնուի թշնամիին հետ, որուն կը հետեւէին քրտական անկանոն կռուողներ. զօրաւոր բախումէ մը ետք, ան ետ կը մղէ թշնամին: Դրօ առաջին դիրքերու վրայ հրամաններ կու տար, յանկարծ ժայռերու ետեւէն դարանակալ թշնամիին գնդակը կը հարուածէ Դրոյի կուրծքը: Մահացու վիճակի մէջ՝ Դրօ կը փոխադրուի Թիֆլիսի զինուորական հիւանդանոցը, ուր, Դեկտեմբերին, Նիքոլայ ցարը կ՛այցելէ բոլոր հիւանդներուն: Ցարը շքանշան մը նուիրելով՝ կը հարցնէ Դրոյին, թէ ո՞ւր սորված է զինուորական արուեստը:
«Յեղափոխութեան մէջ», համարձակօրէն կը պատասխանէ Դրօ: Նկարագրով վախկոտ ցարը կ՛ուզէ դուրս գալ սենեակէն:
1915ին, կամաւորական զօրագնդի գլուխ անցած՝ ան Վան մտնողներու առաջինը կ՛ըլլայ: 1918ին, Մայիսեան ճակատամարտերուն Բաշ-Ապարանի հերոսն էր: Ապա՝ Արարատեան դաշտի ռազմական ուժերու զինուորական կոմիսար եւ Երեւանի զինեալ ուժերու հրամանատար: Պաշտօնը անուն էր միայն: Փաստօրէ՛ն, Դրօն ամէն ինչ էր կազմակերպուող հայկական բանակին մէջ:
2 Դեկտեմբեր 1920ին, կառավարութեան կողմէ խորհրդայիններուն հետ միասին կը ստորագրէ համաձայնագիրը, որմէ ամիս մը ետք կ՛աքսորուի Մոսկուա, ուր կը մնայ հինգ տարի: 1925ին, ՉԵԿԱն կ՛արտօնէ, որ ան անցնի Փարիզ եւ ապա՝ Ռումանիա:
1933ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան 12րդ Ընդհանուր ժողովը զինք կը դնէ կուսակցութեան գերագոյն ղեկավարութեան մէջ, ուր կը մնայ ցմահ:
1952-1955, Պէյրութի մէջ չորս տարի կ՛ապրի Սիմոն Վրացեանի հետ, նոյն յարկին տակ, եւ յաճախ կը գանգատի յօդացաւէ: 8 Մարտ 1956ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, կ՛աւանդէ իր հոգին Պոսթընի մէջ: