ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Իվանովսքի «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թէեւ Թուրքիա եւ Ռուսիա աւելի սերտ յարաբերութիւններ եւ տնտեսական կապեր կը ստեղծեն, սակայն այդ զարգացումները «ռազմավարական գործընկերութեան» մը արդիւնքը չեն, այլ՝ «հասարակաց շահերու»։
«Սեւ ծովու, Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ հասարակաց շահերուն լոյսին տակ, Թուրքիա եւ Ռուսիա կը վերածուին լաւ գործընկերներու, մասնաւորաբար՝ ուժանիւթի մարզին մէջ։ Ուժանիւթի մարզի գործակցութիւնը ամրապնդելու ետին քաղաքական դրդապատճառներ չկան, այլ երկկողմանի տնտեսական շահեր։ «Ռազմավարական գործընկերութիւն» եզրը չեմ սիրեր», ըսած է ան եւ աւելցուցած. «Կը հաւատամ, որ Ռուսիան եւ Թուրքիան իբրեւ ուժեղ գործընկերներ համաշխարհային բեմահարթակին վրայ տնտեսական երկու կարեւոր դերակատարներ պիտի ըլլան»։
Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանը աւելցուց, թէ Ռուսիա Լեռնային Ղարաբաղէն իր ուժերը հեռացնելու համար, Հայաստանի վրայ ճնշում պիտի չբանեցնէ։ «Ինչպէս թրքական կողմը արդէն գիտէ, մենք կողմնակալութիւն պիտի չընենք։ Հարցը լուծելու համար ոեւէ մէկուն վրայ ճնշում պիտի չբանեցնենք։ Այդպիսի ճնշում մը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ»։
Իր կարգին, հանգստեան կոչուած թուրք դեսպան եւ Ռազմավարական ուսումնասիրութեան թուրք-ասիական կեդրոնի փոխտնօրէն Մուրատ Պիլհան կ՛ըսէ, թէ համագործակցութիւնը ռազմավարական գործընկերութիւն կը նշանակէ։ «Թէեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուած են, սակայն Ռուսիա հաստատ քաղաքականութիւն մը ունի Երեւանի հանդէպ, որ հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ամէնէն մտերիմ դաշնակիցն է։ Ան չ՛ուզէր զայն կորսնցնել եւ հայամէտ յայտարարութեանց ետին կանգնող պատճառը այդ է»։