ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տուեալներով, նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունուար 20ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովը (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա), Ռապըրթ Պրատթքին (ԱՄՆ) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Էդուարդ Նալբանդեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին եւ յառաջիկային նախատեսուող բարձր մակարդակի հանդիպման վերաբերող հարցեր:
«ՓանԱրմինիըն» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ իր ստացած տեղեկութեանց համաձայն, նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Յունուար 25ին, Սոչիի մէջ, ուր կը նախատեսուի նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի մասնակցութիւնը:
Նշենք, որ Մինսկի խումբի համանախագահները երէկ արդէն Երեւանէն մեկնած են դէպի Պաքու՝ հանդիպում ունենալու համար Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ: