ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 5ին Երեւանի «Մոսկուա» թատերասրահին մէջ բացուած Է «Կանանց ռեսուրսային կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է Կանանց հանդէպ բռնութեան դէմ պայքարի Միջազգային օրուան եւ որ կը կրէ «Բռնութիւն կնոջ նկատմամբ» խորագիրը:
Ըստ «Կանանց ռեսուրսային կենտրոն» հասարակական կազմակարպութեան հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Տաթեւիկ Աղաբէկեանի՝ կազմակերպութիւնը չորս տարի է որ Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն կ՛իրականացնէ տարբեր ձեռնարկներ՝ հասարակութեան մէջ կանանց նկատմամբ բռնութեան հիմնախնդրի վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման նպատակով։
«Դատապարտելով կանանց հանդէպ բռնութիւնը, փոխելով գենդերային (սեռային. Խմբ.) կարծրատիպերն ու սպասելիքները մեր մշակոյթում՝ մենք ձգտում ենք ստեղծել այնպիսի հասարակութիւն, ուր բոլոր մարդիկ հաւասար են եւ ունեն միեւնոյն իրաւունքները, ներառեալ բռնութիւնից եւ շահագործումից զերծ կեանքի իրաւունք», ըսած է Տաթեւիկ Աղաբէկեան: