ԳՈՒԱՆԳ, «Նոյեան Տապան».- Հարաւային Քորէայի Գուանգ քաղաքին մէջ իրականացուող ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան Նոյեմբեր 24ի մրցումին՝ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Գ. Մարտիրոսեանը (Գիւմրի) իր ուժերը փորձած է աւելի բարձր քաշային կարգի մէջ եւ գրաւած 2րդ տեղը՝ արժանանալով արծաթէ մետալի: Ախոյեան դարձած է Լիւ Քսեաուջուն (Չինաստան)։
Նոյեմբեր 25ին, Հայաստանի հաւաքականէն ելոյթ պիտի ունենայ Մելինէ Դալուզեան (Գիւմրի):