ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Հիմա արդէն խո~ր աշունը իր տիրական ներկայութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ եւ մարդիկ կը պատրաստուին Ամանորին եւ ձմրան։ Շուկաները սկսած են խճողուիլ հազար ու մէկ գնումներու ելած քաղաքացիներով։ Այս օրերուն, հասարակ ժողովուրդը այնքան ալ քաղաքականութեամբ հետաքրքուած չի թուիր ըլլալ։ Ամանորը ուր որ է՝ պիտի հասնի, եւ բոլորին մտահոգութիւնը անհրաժեշտ գումարը գոյացնել է, որպէսզի կարելի ըլլայ գէթ Նոր Տարին դիմաւորել ճոխ սեղաններով ու նուէրներով։
Անցեալ շաբաթավերջին արտասահմանէն ժամանած խումբ մը ընկերներ ուզեցին քանի մը յուշանուէրներ գնել՝ Նոր Տարուան առիթով արտերկրի իրենց ծանօթներուն նուիրելու համար։ Գացինք Երեւանի հանրածանօթ վերնիսաժ կոչուող բացօթեայ շուկան, ուր կարելի է գտնել գրեթէ ամէն ինչ։ Մանր մունր գնումներ կատարելէ ետք որոշեցինք ընթրել շուկայի ճիշդ կողքին գտնուող եւ վերջերս բացուած «Օրեկանօ» ճաշարանին մէջ, որուն տէրերէն մէկը գանատահայ բարեկամ մըն է։ Ընկերներս երեւի յոգնած էին ամէն օր խորոված ուտելէ եւ յայտնապէս կարօտցած էին միջերկրականեան երկիրներու յատուկ ճաշերը։
Սեղանին շուրջ խօսակցութեան նիւթը, բնականաբար, հայ–թրքական յարաբերութիւններէն զատ այլ բան չէր կրնար ըլլալ։ Բարձրաձայն կը վիճէինք եւ ճիշդ ու սխալ վերլուծումներ կ՛ընէինք, առանց անդրադառնալու, որ արդէն սկսած ենք խանգարել պատառ մը համեղ ճաշ ուտելու եկած՝ բաւական լուրջ այդ ճաշարանի յաճախորդները։ Տաք վիճաբանութեան մէջ էինք, երբ մեզի մօտեցաւ տարիներ առաջ Լիբանանէն Հայաստան տեղափոխուած ծանօթներէս մէկը՝ Ֆատին։ «Յայտնի է որ հայ–թրքական յարաբերութիւներու մասին կը խօսիք։ Ամէն անգամ որ դուրսէն եկած հայերու հանդիպիմ, ուրիշ նիւթ չունին», ըսաւ ան կատակով։ Ֆատին, հայաստանցի իր գործընկերոջ հետ, կը զբաղի Հայաստանի մէջ չգտնուող միրգերու ներածումով։ Ծանօթացուցի զինք ընկերներուս եւ հարցուցի գործերուն մասին։
«Շուտով Լիբանան պիտի վերադառնամ», ըսաւ ան։ «Ընկերութիւնը, զոր վեց տարի առաջ հիմնադրած էինք, կը փակենք արդէն»։
«Գործերը վա՞տ են», հարց տուաւ սեղանակիցներէս մէկը։
Ֆատին բացատրեց, որ իր գործերը երբեք ալ վատ չեն եղած։ Ընդհակառակը, տարիէ տարի ներածումները աւելցած են, նոյնպէս եւ շահոյթը։ Անշուշտ, ինչպէս ոեւէ այլ գործարար, լուրջ խնդիրներ ունեցած է հարկային եւ մաքսային վարչութիւններուն հետ, բայց գտած է անոնց հետ «եոլա երթալու» ձեւը։ Մրցակցութիւնն ալ օգտակար եղած է, քանի որ ստիպուած մտածած են յաճախորդները գոհ պահելու մասին։ «Իսկ ինչու՞ կը մեկնիք» մեր հարցումին՝ չուզեց պատասխանել, աւելի ճիշդը՝ խուսափեցաւ պատասխանելէ եւ սկսաւ աւելի ցած, գրեթէ շշնջելով խօսիլ։
Բնականաբար իր խուսափողական պատասխանները մեր հետաքրքութիւնը ալ աւելի սրեցին։ «Դէ լաւ, համը մի հանի, հէնց–ընենց մարդիկ էս երկրից չեն գնում, մանաւանդ փող աշխատող մարդիկ։ Ասա ինչ ա եղել, ինչի՞ ես մեկնում», գրեթէ հրամայական շեշտով հարցուց մեզի ընկերակցող Երեւանցի Դաւիթը։
«Հայաստանի թշնամիները չեն թողնում աշխատեմ», արեւելահայերէնով պատասխանեց Ֆատին։
«Թուրքե՞րը», միաբերան հարցուցինք մենք։
«Ոչ, միւս թշնամիները», ըսաւ ան եւ սկսաւ պատմել իր գլուխէն անցած դարձածը։
Այս մասին սակայն՝ յաջորդ շաբաթ։
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com