ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հինգշաբթի օր, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմնի ատենապետ Սարգիս Արմէնեան եւ մարմնի անդամ Գրիգոր Թերզեան «Ազդակ»ի խմբագրութեան ներկայացուցած են թելեթոնին հետ կապուած նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք նախատեսուած են հետեւեալ ձեւով՝
ա. Ռատիոթոն՝ Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2009ին։
բ. Հայկական եկեղեցիներու, վարժարաններու եւ հաստատութիւններու մէջ դրամահաւաք՝ 19-26 Նոյեմբեր 2009ին։
Զոյգ ծրագիրներու յաջողութիւնը ապահովելու համար մարմինը կ՛ապաւինի լիբանանահայ գաղութի երեք համայնքներու, կուսակցութիւններու եւ մշակութային, բարեսիրական ու մարզական միութիւններու զօրակցութեան եւ անվերապահ գործակցութեան։
Անցնող երեք տարեշրջաններուն, լիբանանահայութեան կատարած նուիրատուութեան շնորհիւ կարելի եղած է Հայաստանի Արարատեան մարզի Մարմարաշէն գիւղը օժտել ըմպելի ջուրով, Արցախի Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս գիւղի մանկապարտէզը վերանորոգել, կահաւորել ու կեանքի կոչել, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Նոյեմբերեան շրջանին մէջ հիւանդանոցի մը ամբողջական նորոգութեան ծրագիրը իրականացնել։
Այս տարուան համար նախատեսուած է Շուշիի մէջ բժշկական կեդրոնի մը կառուցումը։