ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագրին եւ համալսարանին Հայ ուսանողական միութեան պաշտօնաթեթն է «Հայ Շարժում»ը, որ 31րդ տարին ըլլալով լոյս կը տեսնէ: «Հայ Շարժում»ի խմբագիրն է Փաթիլ Մխիթարեան:
Թերթին Հոկտեմբեր 2009ի թիւը (թիւ 107) վերջերս լոյս տեսած է, որմէ քաղած են հետեւեալ նիւթերը.
—————————————————————————————————-
Դաշնակահար Նարէ Արղամանեանի Ելոյթը
Էվլին Տէմիրճեան, առաջին էջին ճակատին լոյս տեսած յօդուածով մը անդրադարձած է 20ամեայ մրցանակակիր դաշնակահար Նարէ Արղամանեանի շատ տպաւորիչ ելոյթին, որ տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 18ին, համալսարանի համերգասրահին մէջ: Համերգը կազմակերպուած էր համալսարանին երաժշտական բաժանմունքին եւ Հայագիտական ծրագրին համատեղ ջանքերով:
Ռոզալի Մահաքեանի 50,000 Տոլարի Կտակը Հայագիտական Ծրագրին
Թերթը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ 2007ին մահացած Ռոզալի Մահաքեան 50,000 տոլար կտակած է համալսարանի Հայագիտական ծրագրին: 1922ին Ֆրեզնոյի մէջ ծնած, հողագործական հայ ընտանիքի մը զաւակը, Ռոզալի 32 տարի նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին եւ եղած է արուեստի ու ճամբորդութեան սիրահար մը, եւ մաս կազմած է երգչախումբերու: Ան նաեւ գործօն անդամ մը եղած է Ս. Վարդան եկեղեցւոյ:
——————————————————————————————————
Տէր Մկրտիչեան. 25 Տարի Հայագիտական Ծրագրին Հետ
Խմբագիր Փաթիլ Մխիթարեան առաջնորդող յօդուած մը ունի Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի մասին, որ 1974ին եղած է համալսարանի առաջին դասարանի ուսանող, եւ 1977ին համալսարանին մէջ սկսած Հայագիտական ծրագրին շնորհիւ իր կապերը աւելի ամրացուցած է հայութեան եւ հայկական մշակոյթին հետ:
UCLAի մէջ մասնագիտանալէ ետք, աւելի ուշ ան վերադարձած է համալսարան, իբրեւ հայերէնի եւ հայկական մշակոյթի նուիրուած նիւթերու դասախօս, ապա դարձած է ծրագրին համակարգողը, իսկ 2008ի աշնան ստանձնած է Հայագիտական ծրագրի վարիչի պատասխանատուութիւնը:
——————————————————————————————————
Սարոյեանի Շիրմաքարի Մաքրութիւն
Թերթը հետաքրքրական յօդուած մը ունի չինական պատմութեան մասնագէտ Էտ Լանֆրանքոյի մասին, որ առաջնորդուելով իրենց մահացած ընտանեկան պարագաներուն նկատմամբ չինացիներուն տածած յարգանքէն, Ֆրեզնոյի զաւակ Ուիլեըմ Սարոյեանի մահուան 101րդ տարեդարձին առիթով այցելած է Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատունը եւ մաքրած է անոր շիրմաքարը:
Թերթին մէջ նաեւ տեղեկութիւններ կան Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած Մայքըլ Պոպէլեանի «Children of Armenia» հատորին ներկայացման (Հոկտեմբեր 1ին), ինչպէս նաեւ Ատանային կոտորածի հարիւրամեակին առիթով Հոկտեմբեր 12ին տեղի ունեցած ձեռնարկին մասին, որուն գլխաւոր բանախօսն էր պատմաբան Արա Սարաֆեան:
Թերթը նաեւ յօդուածներ ունի Ֆրեզնոյի «Քէյեան» վարժարանին, Քուէյթի հայկական համայնքին, կրթական մարզին պետական օժանդակութեանց նուազումին հետեւանքներուն, Քալիֆորնիոյ Վճռաբեկ ատեանի դատաւոր նշանակուած Չարլզ Փուչիկեանի երդման արարողութեան, եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան մասին, ինչպէս նաեւ հարցազրոյց մը ուսանողական միութեան ատենապետ Յակոբ Օհաննէսեանի հետ: