ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կլէնէտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ ընթացքի մէջ է իր այս տարուան աշնանային վարժողական ծրագիրը, որուն կը մասնակցին համալսարանական եւ երկրորդականի երեք ուսանողներ՝ Յակոբ Օհանէսեան, Սանան Մահսէրէճեան եւ Էրիք Տալիր:
«Երեք ուսանողները առիթը պիտի ունենան մասնակցելու յանձնախումբի աշխատանքներուն, սեմինարներու եւ աշխատաժողովներու, արժէքաւոր փորձառութիւն քաղելով», կը յայտնէ Կլէնէտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գոըծավար Էլէն Ասատրեան:
Էրիք Տալիր Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ քաղաքական գիտութեան ուսանող է, ունենալով եւ համալսարանին մէջ, եւ անկէ առաջ, կազմակերպական յատկանշական փորձառութիւն:
Սանան Մահսէրէճեան «Ալէք Փիլիպոս»ի աւարտական դասարանի ուսանող է, եւ արդէն իսկ գործօն ներկայութիւն՝ համայնքին եւ վարժարանի աշխատանքներուն մէջ։ Ան մասնակցած է Կարէն Եղբայրեանի ընտրապայքարին:
Յակոբ Օհանէսեան Կլէնտէյլի պետական երկրորդական վարժարանի 11րդ դասարանի ուսանող է, եւ մաս կը կազմէ վարժարանի ուսանողական խորհուրդին եւ նուագախումբին: Մասնակցած է Կրէկ Գրիգորեանի ընտրապայքարին, իսկ ներկայիս կը մասնակցի Փօլ Գրիգորեանի ընտրապայքարին: