ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Դպրոցաշինութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս, ԼՂՀ Մարտունի շրջանի Սպիտակաշէն գիւղին մէջ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի միջոցներով, շուտով պիտի սկսի գործելու նորակառոյց դպրոցական շէնքը:
Ըստ ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր շինարարութեան վարչութեան պետ Կարէն Շահրամանեանի, 120 աշակերտներու համար նախատեսուած դպրոցին շինարարութեան համար յատկացուած է շուրջ 180 միլիոն դրամ: Արդի պահանջներուն եւ չափանիշներուն համապատասխանող նոր դպրոցական շէնքը պիտի ունենայ ջրամատակարարման եւ տեղական ջեռուցման համակարգ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.