ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Թուրքիան սկզբունքային որոշում է ընդունել՝ նորմալացնել (բնականոնացնել-Խմբ.) Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, բացել սահմանը», յայտնեց Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիոյ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, Երկուշաբթի, Օգոստոս 24ին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, նկատելով, որ այդ որոշումը տալու ընթացքին Թուրքիան առաջնորդուած է ոչ թէ «հայերու հանդէպ սիրով, այլ՝ սեփական աշխարհաքաղաքական շահերով»:
Անցեալ տարուան Օգոստոսին տեղի ունեցած ռուս-վրացական պատերազմէն ետք, Թուրքիա զգաց, որ հարաւային Կովկասի մէջ իր դիրքը կը տկարանայ՝ Ռուսիոյ ազդեցութեան հզօրացման պատճառով: «Նրանք դրան փորձեցին հակազդել Կովկասեան կայունութեան եւ անվտանգութեան փլաթֆորմի գաղափարով եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններում «ճանապարհային քարտէզի» մասին յայտարարութեամբ», ըսաւ Սաֆրաստեան՝ աւելցնելով, թէ Թուրքիան փորձեց Ռուսիոյ համոզել, որ հարաւային Կովկասը բաժնեն իրարու միջեւ, սակայն Ռուսիա պատրաստ չէ զիջելու Թուրքիոյ:
Սաֆրաստեանի համաձայն, Ռուսիոյ համար Հայաստանի նշանակութիւնը ամենաբարձրն է: «Հարաւային Կովկասը ռուս-թուրքական մրցակցութեան դաշտ է, եւ Ռուսաստանը չի թոյլ տայ, որ Թուրքիան իր հետ կիսի որեւէ բան», նկատեց թրքագէտը: «Բացի այդ, Հայաստանի կայունութիւնը կարեւոր է Ռուսաստանի համար, եւ այդ երկիրը որեւէ կերպ, որեւէ ճնշմամբ կամ ոչ հայանպաստ լուծմամբ, վտանգի տակ չի դնի Հայաստանի կայունութիւնը», աւելցուց ան:
Այդուհանդերձ, թրքագէտը համոզուած է, որ Թուրքիան «միանգամից չի գնայ սահմանի բացմանը», այլ կամաց-կամաց որոշ քայլեր կ՛առնէ՝ արտաքին աշխարհին ցոյց տալու, թէ ինք պատրաստ է բարելաւելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, միաժամանակ Հայաստանէն զիջումներ կորզելու փորձեր կ՛ընէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով:
«Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յստակ յայտարարութիւնն անսպասելի էր Թուրքիոյ համար. նրանք սովոր չեն հայկական կողմից նման շեշտադրումներով յայտարարութիւնների», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այդ բանին հետեւանքով, Թուրքիա ցարդ չէ պատասխանած նախագահին: «ՀՀ նախագահը պէտք է բարձր պահի իր հեղինակութիւնը երկրում եւ Հայաստանի հեղինակութիւնը երկրից դուրս», նշեց Ռ. Սաֆրաստեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.