ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի փաստաբաններուն կողմէ Երկուշաբթի, Օգոստոս 17ին հրապարակուած այն քանի մը տեղեկութիւնները, որոնք առաջին ցուցանիշներն են Օչալանի կողմէ հրապարակուելիք «ճամբու քարտէս»ին, շփոթ ստեղծեցին քաղաքագէտներու ու մասնագէտներու մտքերուն մէջ։ Օչալան ըսած էր, որ այլեւս կողմնակից չէ դաշնակցական դրութեան կամ այս հանգրուանին, քիւրտերու համար անջատ պետութիւն մը հաստատելու գաղափարներուն, սակայն աւելցուցած է, թէ քիւրտերը պէտք է դառնան ժողովրդավար, ազատ ազգ մը ու պէտք է ունենան իրենց խորհրդարանն ու պաշտպանութեան ուժերը։ Շատերու համար անհասկնալի է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ խորհրդարան ու պաշտպանութեան ուժ ունենալու առաջարկը: Եթէ Օչալանի խօսքերը սխալ չեն հասկցուած, անոր ուզածը իր իսկ մերժած դաշնակցային դրութենէն ալ անդին կ՛անցնի։
Իր կարգին, Անգարա համալսարանի իրաւագիտական բաժանմունքէն դասախօս Միթհատ Սանճար անհասկնալի կը նկատէ պաշտպանութեան սեփական ուժ ունենալու առաջարկը եւ կ՛ըսէ, թէ Օչալան ինքն իրեն կը հակասէ, երբ մէկ կողմէն կ՛ըսէ, թէ դաշնակցային դրութիւնը չ՛ուզեր, իսկ միւս կողմէն՝ կը պահանջէ սեփական պաշտպանութեան ուժ ունենալ։
Դասախօս ու հրապարակագիր Պասքըն Օրան եւս հակասութիւններ տեսաւ Օչալանի վերագրուած խօսքերուն մէջ, սակայն այդ հակասութիւնը բնական նկատեց, որովհետեւ ան Իմրալըի բանտին մէջ միայն պետական կայանէն կը ստանայ իր լուրերը եւ Թուրքիոյ ներկայ կացութեան մասին ամբողջական գաղափար չունի։ Օրանի համաձայն, կարելի չէ քրտական հարցը լուծել առանց ժողովրդավարութիւն հաստատելու երկրին մէջ։ «Քիւրտերը պէտք է իրաւունք ունենան անջատուելու գաղափարը պաշտպանելու, անոնք ալ իրենց զոհերը պէտք է նահատակ կոչեն, իսկ այն երեխան, որ ոստիկան մը կը քարկոծէ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ պէտք չէ նկատուի», կ՛ըսէ ան:
Քրտական Շըրնաք շրջանէն երեսփոխան Հասիպ Քափլան, իր կարգին, կը յայտնէ, թէ պաշտպանութեան սեփական ուժ ունենալու առաջարկը կը նշանակէ հաւաքականութեան մը ինքզինք պաշտպանելու կարելիութիւններով օժտուիլը։ Ասիկա իր բանակը ու զէնքերը ունենալ չի նշանակեր, կ՛ըսէ ան։ Օչալան դաշնակցային դրութիւն չէ ուզած, այլ ուզած է Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու կամ Իտալիոյ օրինակներով վարչական դրութիւն մը։
Օչալան նաեւ ըսած է, թէ «Թուրքերն ու քիւրտերը քով քովի պիտի դնեն իրենց մայրենի լեզուները, իրենց մշակոյթները. ամէն հաւաքականութիւն իր ժողովրդավար գործունէութիւնը պիտի շարունակէ: Պետութիւնը արգելք պէտք չէ հանդիսանայ։ Այս բոլորին առընթեր, Օչալան կը պահանջէ, որ բարելաւուին նաեւ իր պայմանները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.