ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի հովանավորութեամբ, Լոռի մարզի Ձորամուտ համայնքին մէջ կը կառուցուի ջրատար մը, որուն աշխատանքները ամբողջութեամբ կ՛աւարտին Սեպտեմբերին։
Ձորամուտի ղեկավար Արարատ Փնջոյեանի հաւաստումով, գիւղի 120 ընտանիք շուտով պիտի ունենայ շուրջօրեայ ջրամատակարարում։ Հայաստանի հիւսիսային սահմանին մօտ գտնուող այս գիւղին մէջ կը բնակի շուրջ 310 մարդ՝ մեծ մասը փախստականներ:
Ըստ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի, սահմանամերձ գիւղերուն մէջ զարգացման նախադրեալներ ստեղծելով՝ հիմնադրամը նպատակ ունի նպաստել բնակչութեան բարեկեցութեան եւ կենսպայմաններու ապահովման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.