Վերջերս, Թուրքիոյ Մեծ կղզիին մէջ, քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, շարժանկարի բացօթեայ պարտէզին մէջ ներկայացուեցաւ «Պտղունց մը համեմ» ժապաւէնը, որուն բեմադրիչն է յոյն Թասսոս Պուլմէթիս, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Յունաստանէն՝ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ։
Հիւրերը դիմաւորուեցան Կղզիներու քաղաքապետ Մուսթաֆա Ֆարսաքօղլուի եւ քաղաքապետի մշակոյթի գծով խորհրդական Րաֆֆի Արաքսի կողմէ:
Ներկայ էին յոյն, հայ, թուրք բազմազգի արուեստասէրներ եւ մտաւորականներ։
Քաղաքապետ Ֆարսաքօղլու եւ Րաֆֆի Արաքս յաջորդաբար հանդէս եկան բարի գալուստի մաղթանքով, ապա բեմ հրաւիրուեցաւ բեմադրիչ Պուլմէթիս, որ յայտնեց ֆիլմին պատրաստութեան նպատակը:
Ան յայտնեց, թէ այս ժապաւէնը պատմութիւնն է Պոլսոյ բազմահազար յոյներուն, որոնք միշտ իրենց ծննդավայրին կարօտով ապրած են՝ միաժամանակ նիւթական եւ բարոյական գետնի վրայ բազում վնասներու ենթարկուելով։
Լուսաբանումներ կատարելու համար, բեմադրիչին կողքին բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ թուրք մտաւորական Րակըպ Զարաքօղլու, որ խօսեցաւ մարդկային խիղճը անհանգստացնող նման կարգադրութիւններու մասին։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.