«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մեկենասութեամբ, վերջերս, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ տոքթ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի կողմէ պատրաստուած «Արեւմտահայ Գրական Լեզուի Ուսումնական Ձեռնարկ» խորագրեալ դասագիրքը։
Այս դասագիրքը պատրաստուած է արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ զարգացման ի խնդիր, Հայաստանի պետութեան ներկայացուած դիմումներու լոյսին տակ եւ պետութեան պատուէրով։ Գրուած է դիւրին եւ մատչելի արեւելահայերէնով մը, նպատակ ունենալով արեւմտահայ գրական լեզուն եւ արեւմտահայ աւանդական քերականութեան կանոնները ուսուցանել արեւելահայ ուսուցիչներուն եւ ուսանողներուն։
Գիրքի նախաբանին մէջ, Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան կը գրէ, թէ Փարիզի «Մաշտոց» Հայ լեզուի պահպանութեան միութիւնը, որուն նախագահուհին է ինք՝ հեղինակը, եւ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը՝ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի ղեկավարութեամբ, վեց տարիէ ի վեր միասնական աշխատանք կը տանին արեւմտահայ գրական լեզուին ընտելացնելու համար Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներու ուսուցիչները, որպէսզի անոնք խոր ծանօթութիւն ունենան երկու լեզուներուն եւ երկու գրականութիւններուն մասին՝ զինուելով զոյգ բառապաշարներու հարստութեամբ։ Վեց տարուան շրջանին, անոնք արդէն իսկ ապահոված են 400 ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնը, որոնցմէ 35ը արդէն իսկ արեւմտահայերէն կը դասաւանդէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։
Փրոֆ. Հիլտա Գալֆայեան կը գրէ նաեւ որ այս գիրքի պատրաստութեան ընթացքին գլխաւոր նպատակ ընտրած է առանց քերականական խճողումներու, պարզ լեզուով ներկայացնել արեւմտահայ գրական լեզուի օրինաչափութիւնները Հայաստանի հանրակրթութեան դպրոցներու սաներուն եւ ուսուցիչներուն։
Գիրքին մէջ «Հնչիւնաբանութիւն», «Բառագիտութիւն», «Ձեւաբանութիւն», «Ուղղագրութիւն», «Շարահիւսութիւն» հինգ ընդհանուր գլուխներուն տակ ուսումնասիրութեան կը հրամցուին արեւմտահայերէն քերականութեան ընդհանուր կանոնները: Իսկ տրուած բոլոր կանոններուն կը յաջորդէ «վարժութիւններ»ու ճոխ բաժին մը։
Փրոֆ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան բնիկ պոլսահայ է եւ «Եսայեան» վարժարանի շրջանաւարտ: Անոր հեղինակած նոր գիրքը հիմք կրնայ ծառայել հայերէն լեզուի երկու բարբառներու լեզուական հարստութիւնները յայտնաբերելու նպատակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.