ԷՐՊԻԼ, «Արմէնփրէս».- Իրաքեան Քիւրտիստանի կառավարութեան որոշումով, համաշխարհային դասական գրականութեան 100 ստեղծագործութիւններ կը թարգմանուին քրտերէնի: Ըստ քրտական տեղեկատուական «Ak News» գործակալութեան, Անգլիոյ մէջ բնակող իրաքցի հրատարակիչ Սելահ Պապանը, երեք տարուան ընթացքին թարգմանած եւ քրտերէնով առաջին անգամ հրատարակած է Ուիլեըմ Շեքսփիրի «Համլէթ» ողբերգութիւնը: Նախապէս Պապան քրտերէնով հրատարակած էր նաեւ Շեքսփիրի «Մագպէթ» ստեղծագործութիւնը: Ընտրուած 100 ստեծագործութիւններէն չորսը քրտերէնի թարգմանուած են Պոլսոյ մէջ, Շուէտի գլխաւոր հիւպատոսութեան հովանաւորութեամբ: