ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Աֆղանիստանի «Թալեպան» շարժումի զինեալներ Կիրակի, Օգոստոս 2ին տեղի ունեցած յարձակումի մը ընթացքին սպաննեցին ՆԱԹՕի ուժին անդամ հինգ զինուորներ՝ ներառեալ երեք ամերիկացիներ: Անցեալ շաբաթուան ընթացքին ՆԱԹՕի ուժի անդամ չորս այլ զինուորներ սպաննուած էին։ Այլ յարձակումներու զոհ գացին նաեւ եօթը աֆղան ոստիկաններ։
Յուլիս ամսուան ընթացքին ՆԱԹՕի ուժէն 75 զինուորներ սպաննուեցան Աֆղանիստանի մէջ, ինչ որ 2001էն ի վեր ամենաբարձր թիւն է։
Հարիւր հազար զինուորներէ բաղկացած միջազգային ուժերը Օգոստոս 20ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեանց նախօրեակին կը բազմացնեն «Թալեպան» շարժումին դէմ շղթայազերծուող գործողութիւնները։
Միւս կողմէ, ՄԱԿի պատասխանատուներ կ՛ուզեն թալեպան ղեկավարներուն հետ բանակցութիւններու ձեռնարկել։ Նախագահ Համէտ Քարզայ բանակցութիւններուն վերաբերեալ դրական դիրք ճշդած է, պայմանաւ որ շարժումը ընդունի Աֆղանիստանի սահմանադրութիւնը։
«Թալեպան» շարժումի ղեկավար մոլլա Օմար մերժած է բանակցութիւնները՝ Քարզայը որակելով ամերիկեան խամաճիկ։