ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը կը յայտնէ, թէ Թուրքիա-Ատրպէյճան լարուածութիւնը, որ ստեղծուած էր Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու Թուրքիոյ ջանքերուն պատճառով, մեղմացած է, սակայն Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը կը շարունակէ ատրպեճանական հասարակութեան մօտ վիճելի հարց մը ըլլալ։
Ատրպէյճանի նախագահական նախկին թեկնածու եւ Ատրպէյճանի մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ «Մուսաւաթ»ի ղեկավար Իսա Կամպար Կիրակի օր յայտնած է, որ «Եթէ Թուրքիա մտադիր է (Հայաստանի հետ) սահմանները բանալ, պէտք է Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցի, որովհետեւ այս հարցը Ատրպէյճանի համար շատ զգայուն է։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այս հարցին առնչութեամբ որոշումը միասնաբար պէտք է տան։ Բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները շատ աւելի կարեւոր են, քան պետութեան սահմանին բաց կամ փակ ըլլալը։ Կը հաւատամ, որ սահմանները պիտի չբացուին»:
Իր կարգին, Ազգային եւ միջազգային ուսումնասիրութեանց կեդրոնի նախագահ Լէյլա Ալիեւա յայտնած է, թէ «Սահմանի հարցը քաղաքական եւ տնտեսական նշանակութիւն մը ունի։ Քաղաքականապէս, փակ սահմանները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ ցոյց տրուած միակ զօրակցութիւնն է։ Հայաստանի յիշեցում մըն է այն, թէ եթէ իր դրացիներուն սահմանները չյարգէ, ապա այդ մէկը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ, ինչպէս՝ հզօր եւ հարուստ դրացիներու հետ տնտեսական յարաբերութեանց բացակայութիւնը»։
Սահմանի փակման տնտեսական կողմին անդրադառնալով՝ Ալիեւա յայտնած է, որ «Տնտեսական մակարդակը մասամբ կը պահպանուի, որովհետեւ Հայաստան շարունակեց Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւորպայէն, ինչպէս նաեւ Ռուսիայէն եւ Իրանէն մեծ գումարներ ստանալ»:
Ըստ Ալիեւայի, Հոկտեմբերին սահմանին բացման հաւանականութիւնը «շատ բարձր է»։
Միջազգային յարաբերութեանց եւ ռազմավարութեան կովկասեան հետազօտութեան կեդրոնի տնօրէն Արազ Ասլանլը յայտնած է, թէ ինք կը հաւատայ, որ սահմանը կրնայ բացուիլ միայն եթէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուի։ «Ճիշդ չէ տագնապին մագլցումին համար լրատուամիջոցները այպանել, թէեւ մեղմ մակարդակի գրգռիչ յօդուածներ կային։ Կը հաւատամ, որ պաշտօնատարներուն վարուելակերպը նպաստեց հարցին։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ունին յատուկ յարաբերութիւններ, զորս որեւէ այլ երկիրներ չունին։ Ուստի կարելի չէ մտածել, թէ յարաբերութիւնները կրնան վատթարանալ», ըսած է ան: