Ուրբաթ, Յուլիս 10ին, Լա Քանիատայի եւ Քրեսէնթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Տիկնանց միութիւնը, աջակցութեամբ Ծխական խորհուրդի անդամներուն, կազմակերպած էր հոգեւոր դասախօսութիւն մը՝ նուիրուած Յիսուսի Պայծառակերպութեան (Վարդավառի) տօնին:
Ծուխի հոգեւոր հովիւ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան իր բացման աղօթքէն առաջ ողջունեց ներկայութիւնը իր հոգեւոր երէց եղբօր դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի եւ երէցկին Ճոյսի, ապա հրաւիրեց Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Լենա Սիմոնեանը որ բացման խօսքը կատարէ: Ան բացատրեց օրուան հաւաքին շարժառիթը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մաշտոց Չօպանեանին, որ սիրայօժար կերպով յանձն առած էր օրուան դասախօսութիւնը կատարելու պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական բաժինի կատարողներուն եւ ներկաներուն:
Այնուհետեւ, օրուան բանախօսը ներկայացուց «Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը, անոր իմաստը եւ նշանակութիւնը» թեման:
Դասախօսութենէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ մասնակցութեամբ Սիրանոյշ Տէր Պօղոսեանի, Պօղոս Յովհաննիսեանի, Հրայր Եղիայեանի եւ Ժաննա Յովհաննիսեանի:
Փակման խօսքով եւ «Պահպանի»չով հանդէս եկաւ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան, իսկ աւարտին, երգչախումբը կատարեց «Ամէն Հայի» Հայրապետական մաղթերգը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւնը, որ պատրաստուած էր Տիկնանց միութեան կողմէ: