ԵՐԵՒԱՆ.- «Ոսկէ Ծիրան» 6րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնի Միջազգային խաղարկային շարժանկարներու մրցոյթին մէջ ընգրկուած են 11 ժապաւէններ:
1. «Աշուն» – Օզճան Ալփեր, Թուրքիա
2. «Հանգիստ մնա՛ եւ հաշուիր մինչեւ եօթը» – Ռամթին Լաւաֆիփուր, Իրան
3. «Խելօք մնա՛» – Ժուլիէթ Կարսիա, Ֆրանսա/Դանիա
4. «Կոյր խոզը, որն ուզում է թռչել» – Էտուին, Ինտոնեզիա
5. «Աղջնակը» – Տիցա Քովի, Ռայնըր Ֆրիմէլ, Իտալիա/Աւստրիա
6. «Փալատինին որոնելիս» – Անճէյ Քրաքովսքի, Կուաթեմալա/ԱՄՆ
7. «Ափիոնի պատերազմ» – Սիտտիք Պարմաք, Հարաւային Քորէա/ Աֆղանիստան
8. «Միւս ափը» – Գէորգի Օվաշվիլի, Վրաստան/Ղազախստան
9. «Պրոտուէյի արքայազնը» – Շոն Պէյքըր, ԱՄՆ
10. «Մէկ ու կէս սենեակ» – Անտրէյ Խրժանովսքի, Ռուսիա
11. «Քերծուածք» – Միխալ Ռոսա, Լեհաստան
Միջազգային խաղարկային շարժանկարները պիտի դատէ 6 անձերէ բաղկացած դատական կազմը, որուն մէջ են ճափոնցի աշխարհահռչակ բեմադրիչ, փառատօնի պատուաւոր հիւր Քոհէյ Օկուրի, Համպուրկի շարժապատկերի փառատօնի տնօրէն Ալպերթ Վիտերշփիլ, շարժանկարներ արտադրող Փակօ Փոշ՝ Սպանիայէն, դերասան եւ բեմագիր Էրիք Պօղոսեան՝ ԱՄՆէն, վրացի բեմադրիչ Նանա Ճորճածէ եւ քանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան: