ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Հայ այնթէպցիներու միութեան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, մասնակցութեամբ Ամերիկայի Հայ գրողներու միութեան ու Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանի շրջանաւարտից միութեան, Հինգշաբթի, Յունիս 25ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ ի պատիւ Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններուն: Ընթացքին նաեւ հանրութեան պիտի ներկայացուի Արմէն Յարութիւնեանի «Նամակներ Պէյրութէն» գործին Ա. հատորը:
Հատորը պիտի ներկայացնէ Վաչէ Սեմերճեան, իսկ անկէ ընթերցումէներ պիտի կատարէ Գէորգ Քէօշկէրեան: Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ մեկենաս Երուանդ Պապայեան, իսկ հանդիսավարն է Թագուհի Արզումանեան:
Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Ձեռնարկը պիտի կայանայ Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard Ave.):