ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի հարաւարեւելեան Զահետան քաղաքին մէջ Երկուշաբթի, Յունիս 1ին տեղի ունեցած յարձակումի մը պատճառով արձանագրուեցաւ 5 զոհ։ Յարձակումը վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին եւ նախագահական ընտրութեանց նախօրեակին երրորդն էր նոյն քաղաքին մէջ։
Իրանեան պատկերասփիւռի կայան մը հաղորդեց, որ «Մեհր» ելեւմտական եւ վարկային հիմնարկի հինգ պաշտօնեաներ զոհ գացած են յարձակումին։
Անցեալ Հինգշաբթի օր, Զահետանի մէջ շիիներու մզկիթի մը ականահարման պատճառով արձանագրուած էին 25 զոհ եւ 120 վիրաւոր։
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ պալուչ ընդդիմադիր կազմակերպութիւններէն «Ժունտուլլա»ն, որ ըստ Իրանի՝ «Քայիտա»ի ցանցին մաս կը կազմէ, սակայն Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը կը վայելէ, ստանձնեց ականահարման պատասխանատուութիւնը։
Իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երեք անձեր այդ հարցով կախաղան բարձրացած են արդէն։
Դարձեալ անցեալ Հինգշաբթի օր, զինեալներ կրակ բացած էին Իրանի նախագահին ընտրապայքարի գրասենեակին վրայ՝ վիրաւորելով երեք հոգի:
Իրանի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է շարք մը կասկածելիներ, որոնք Զահետանի մէջ յարանուանական բնոյթի բռնարարքներ կը հրահրեն։ Իրանի փոխոստիկանապետ Ահմէտ Ռեզա Ռատան յայտնեց, որ ձերբակալուածներուն մէջ կան թէ՛ սիւննի եւ թէ՛ շիի կասկածելիներ։
Զահետան մայրաքաղաքն է Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի սահմանակից Սիսթան-Պալուչիստան նահանգին, ուր կը բնակի նկատառելի պալուչ փոքրամասնութիւն մը, որ սիւննի է: