ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան համաշխարհային շուկաներու ուժանիւթի կարեւոր եւ յուսալի մատակարար է, գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, Պաքուի մէջ կայացող «Կասպից ծովի քարիւղն ու կազը» միջազգային ցուցահանդէսին մասնակիցներուն յղուած իր նամակին մէջ:
Ցուցահանդէսի ընթացքին նախագահի ուղերձը կարդացած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրասիոյ ուժանիւթի հարցերով յատուկ պատուիրակ Ռիչըրտ Մորնինկսթար: Հոն նաեւ կը շեշտուի, թէ Ատրպէյճան Ամերիկայի կարեւոր գործընկեր եւ բարեկամ մըն է: