Արի Կ. Մինասեան ազգային վարժարանի Դ. եւ Ե. կարգի աշակերտները մասնակցեցան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ Հայ ուսանողական միութեան կազմակերպած Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման երկու ձեռնարկներու:
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22ին, աշակրտները, իրենց ուսուցչուհի տիկ. Թըրնըրի եւ տնօրէնուհի դոկտ. Նայիրի Կորճեանի առաջնորդութեամբ, մասնակցեցան նահատակներու յիշատակը յարգելու համար համալսարանին մէջ կազմակերպուած ցոյցի մը՝ բարձրացնելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող պաստառներ, գրաւելով բազմաթիւ համալսարանական ուսանողներու ուշադրութիւնը:
Հինգշաբթի օր, աշակերտները մասնակցեցան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Վերածնունդ» խորագիրով հսկումին, երգելով «Մեր Հայրենիք» քայլերգը:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, իսկ բանախօսն էր դոկտ. Լեւոն Մարաշլեան: Համայնքէն բազմաթիւ հայորդիներ ներկայ էին այս ձեռնարկին: