ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Մայիս 12ին տեղի ունեցած Ժառանգութիւն կուսակցութեան ասուլիսին ելոյթ ունեցան կուսակցութեան ղեկավարն ու գործիչները՝ շարք մը հարցերու վերաբերեալ: Մայիս 31ի աւագանիի եւ քաղաքապետի ընտրութենէն առաջ, «Ժառանգութիւն»ը կորսնցուց ընտրական յանձանախումբերուն մէջ իրեն վերապահուած տեղերէն քանի մը հատը. ան ընտրական յանձնախումբերուն մէջ պիտի ունենայ ոչ թէ 439, այլ՝ 406 տեղ միայն: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի «Ժառանգութեան» ներկայացուցիչ Զոյա Թադէոսեան տեղեկացուց, թէ մայրաքաղաքի 8րդ ընտրատարածքային յանձնաժողովէն ներս «Ժառանգութեան» անդամը «ծախած» է կուսակցութեան վերապահուած տեղերը: Սկիզբը Զոյա Թադէոսեան խուսափեցաւ ըսելէ, թէ ո՛ր կուսակցութիւնը յաջողած է համոզել «Ժառանգութեան» անդամը եւ ստանձնել ընտրական յանձնցախումբերուն տեղերը, սակայն յետոյ խոստովանեցաւ, թէ տեղերը տրամադրուած են Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան։
Գաղտնի վաճառք կատարած «Ժառանգութեան» անդամ Սերեոժա Յարութիւնեան այնուհետեւ, ինչպէս ներկայացուեցաւ լրագրողներուն, մտմտուքէ ու ճնշուածութենէ ինքզինք անհանգիստ զգացած եւ սրտի տագնապով տեղափոխուած է «Մալաթիա» բժշկական կեդրոն:
Կուսակցութեան որեւէ անդամի մուտքը հիւանդի սենեակ արգիլուած է եւ մնացած 3 օրուան ժամկէտին մէջ անոր հետ ցուցակի ուղղումներ կատարելը առայժմ անկարելի է։
Ասուլիսին ներկայ լրագրողներ յիշեցուցին, թէ նախորդ ընտրութիւններուն ժամանակ ալ Սերեոժա Յարութիւնեան ունեցած էր նոյնանման խնդիրներ, ապա հարց տուած են, թէ արդեօք կարելի չէ՞ր կանխել այսպիսի «դաւաճանութիւն» մը։ Զոյա Թադէոսեան հաւաստած է, թէ՝ «Այդ մարդուն գործողութիւններին մասին աւելի ուշ ենք տեղեկութիւն ստացել»։
Իր կարգին, կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Անահիտ Բախշեան դատապարտեց Աւան համայնքին մէջ պատահած այն յարձակումը՝ ՀԱԿ հանրահաւաքի մասին քարոզչական նիւթեր բաժնող կանանց վրայ, որուն պատճառով, Բախշեան ըսաւ, թէ ոեւէ մէկը այլեւս ապահով չի կրնար զգալ մեր իրականութեան մէջ։
Յաջորդ նիւթը, զոր արծարծեցին «Ժառանգութեան» ներկայացուցիչները, Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ գործընթացն էր։ Ըստ ԱԺ պատգամաւոր Ստեփան Սաֆարեանի, Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա «Էխօ Մոսկուի» ռատիօկայանին տուած է հարցազրոյց մը, ուր ըսած է, թէ տարածքները քայլ առ քայլ պիտի վերադարձուին Ատրպէյճանին:
Սարաֆեան ընդգծեց, թէ Յունիսի սկիզբը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու Ս. Փեթերզպուրկի հանդիպումը պիտի կայանայ աննախադէպ ճնշումներով։