ԵԱՀԿը ամփոփեց ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան` վերահաստատելով կազմակերպութեան յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան նկատմամբ:
«Այս այցելութիւնը կարելիութիւն տուաւ ընդգծելու ԵԱՀԿի հաստատակամ յանձնառութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ու մեր աջակցութիւնը ընթացիկ հարցերու լուծման», ըսաւ Սինիրլիօղլու։
Սինիրլիօղլու Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Ատրպէյճանի մէջ զայն ընդունեցին նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի մէջ Սինիրլիողլու ողջունեց տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ ձեռնարկուող համապատասխան ջանքերը` մաղթելով, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը ստորագրուի կարելի եղածին չափ շուտ:
«Այն լուրը, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը վերջնականապէս համաձայնեցուած է, ոգեշնչող իրադարձութիւն է: ԵԱՀԿը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ կայուն խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ», յայտարարեց Սինիրլիօղլու: