
ՌՈՒՊԻՆԱ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Հայ Օգնութեան Միութեան «Էրեբունի» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 22 Մարտի յետմիջօրէին, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ եւ յիշատակելի ձեռնարկ մը՝ գնահատելու Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ 5 հայկական եկեղեցիներու եւ 13 հայկական միութիւններու կամաւոր քոյրերու ներդրումը՝ Honoring our Sisters in Service խորագիրին տակ։
Հայկական տոհմիկ ճաշերու ճոխ հիւրասիրութենէն ետք, յայտագիրին պաշտօնական բաժինը ընթացք առաւ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներով: Գրիգոր քհնյ. Զաքարեան եւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան աղօթքով իրենց օրհնութիւնը փոխանցեցին:

Ձեռնարկին հանդիսավարը՝ Վիքթորիա Մարգարեան, իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրեց ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Նորա Շիրիքեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ռիթա Հինդլեանին եւ բոլոր քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեան եւ զօրակցութեան համար: «Ինչպէս գիտէք 8 Մարտը Կանանց Միջազգային օրն է․ նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ ամբողջ Մարտ ամսուան ընթացքին կը տօնեն կանանց միամսեայ տօնը, մենք ալ այսօր պիտի պատուենք 37 հայ քոյրեր՝ տարիներու ընթացքին իրենց կատարած կամաւոր եւ օրինակելի ծառայութեան համար», ըսաւ Շիրիքեան՝ աւելցնելով. «Կանխայայտ կը շնորհաւորենք ձեր իւրաքանչիւրին. մնաք միշտ առողջ եւ կորովալից. եկէք բոլորս զիրար մօտէն ծանօթանալով, ձեռք-ձեռքի տալով՝ միասնաբար աշխատինք, որպէսզի այս օտար ափերուն վրայ նոր սերունդին օրինակ հանդիսանանք. մեր վերելքը ըլլայ մեր սփիւռքահայ գաղութներու աշխուժացումը եւ մեր հայրենիքի բարգաւաճումը ու այսպիսով մեր յաջորդ սերունդին փոխանցենք ազգասիրութեան եւ մարդասիրութեան ջահը՝ իբրեւ հայ կին եւ հայ մայր»։
Յայտագիրը ոչ միայն հաճելի էր իր բովանդակութեամբ, այլ ճոխ էր նաեւ իր գեղարուեստական բաժինով։ Օքլենտի պատանեկան Apricot Seed Dance Ensemble-ը ներկայացուց 2 խմբային պարեր՝ «Կարսի Երկնքում» եւ «Արցախի գոյները», յատուկ փայլք մը տալով օրուան հանդիսութեան։ Րաֆֆի Հուրտաճեան դաշնակի վրայ նուագեց 2 կտորներ Արամ Խաչատուրեանէն եւ Fur Elise-ը՝ Beethoven-էն եւ վերջապէս Նիքոլաս Սքոքան տուտուկով հրամցուց «Տըլէ Եաման»ի եւ «Երկու քոյր»ի երաժշտութիւնը։
Յայտագիրին ընթացքին իւրաքանչիւր կազմակերպութիւնէ վարչական ներկայացուցիչ մը պարբերաբար ծանօթացուց իր միութենէն երկու կամաւոր քոյրեր՝ հակիրճ ծանօթութիւն մը տալով անոնց կամաւոր ծառայութեան մասին։ Կամաւոր ընկերուհիները «Էրեբունի» մասնաճիւղէն ստացան յատուկ գնահատագիրներ եւ գեղեցիկ ծաղկեփունջեր, արժանանալով ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն:

Օրուան բանախօսը՝ Անի Սեդրակեան Ենիգոմշեան, ներկայացուց կամաւոր աշխատանքի պատմականը՝ յատկապէս հայ կնոջ դերակատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնէն շատ աւելի առաջ եւ ետք ու շարունակաբար Սփիւռքի Հայկական գաղութներու կազմաւորման եւ գոյատեւման աշխատանքներուն մէջ. ապա ան շեշտեց կամաւոր գործունէութեան հրամայականը ներկայ երիտասարդ եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը։


Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Ռիթա Հինդլեան, որ իր դրական տպաւորութիւնները արտայայտեց սոյն օրինակելի հանդիսութեան մասին եւ շեշտեց, թէ ձեռնարկը ցայտուն օրինակ մըն է ՀՕՄի տարած ազգասիրական գործունէութեան. ան նաեւ նշեց, թէ ՀՕՄը գիտէ համախմբել եւ գնահատել իր գաղութի համեստ կամաւորները: Իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ ան ըսաւ. «Ձեր ներկայութիւնը այսօր փաստ մըն է, թէ Ծովածոցի հայ գաղութը լաւ ձեռքերու մէջ է», ապա ան նոր յաջողութիւններ մաղթեց ՀՕՄի «Էրեբունի» եւ բոլոր միութիւններուն գործունէութեան։
Ներկաները ուրախութեամբ լիցքաւորուած եւ բարձր տրամադրութեամբ՝ մեկնեցան տուն։