Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն մէջ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական պաշտօնատարները եւ միւս հայ գերիները ազատ արձակելու, կ՛ըսուի ԵԽԽՎի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Բանաձեւը կ՛անդրադառնայ Ատրպէյճանի մէջ անօրէն եւ շինծու մեղադրանքներով բանտարկուած Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ներկայացուցիչներուն եւ այլ անձերու` կոչ ուղղելով Ատրպէյճանին՝ ազատ արձակելու այդ անձերը:
«Վեհաժողովը կը շարունակէ հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին եւ բոլոր բանտարկուած անձերուն ու ռազմագերիներուն, որոնք ներկայիս կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ՝ վերահաստատելով զանոնք ազատ արձակելու իր կոչը», կը նշուի բանաձեւին մէջ:
Վեհաժողովը նաեւ խիստ մտահոգութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու վատթարացման գծով:
Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ դադրեցնելու հետապնդումները եւ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր անոնք, որոնք բանտարկուած են քաղաքական դրդապատճառներով:
Անիկա իշխանութիւններուն նաեւ կոչ կ՛ուղղէ՝ փոփոխութիւններ կատարելու «Կուսակցութիւններու մասին» եւ «Լրատուամիջոցներու մասին» օրէնքին եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն վերաբերեալ համապատասխան օրէնսդրութեան մէջ` ըստ Վենետիկի յանձնաժողովի առաջարկներուն:
Բանաձեւին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի մէջ 2024ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները չեն համապատասխաներ ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջազգային չափանիշներուն եւ իրականացած են խօսքի ու հաւաքներու ազատութեան սահմանափակումներու պայմաններու մէջ: