Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, յաւարտ Վենթուրա գաւառի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ս․ պատարագի, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, ջանասիրութեամբ Տիկնանց միութեան՝ տեղի ունեցաւ ամանորեայ հանդիսութիւն մը: Այնտեղ մէկտեղուած էին տասնեակ մանուկներ՝ իրենց ծնողներուն, տատիկներուն եւ պապիկներուն հետ՝ վայելելու համար օրուան գեղեցիկ ու հոգեզմայլ միջոցառումներու շարքը։
Հանդիսութիւնը եւ սիրոյ ճաշի սեղանը բացուեցան Վենթուրա գաւառի հոգեւոր հովիւ Գէորգ քհնյ․ Աբեանի աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։
Օրուան յայտագիրին մաս կազմեցին թէ՛ Նոր տարուան եւ թէ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդներուն բնորոշ ազգային զանազան երգեր, պարեր եւ այլ ելոյթներ։
Ապա ներկաներուն եւ յատկապէս մանուկներուն խանդավառութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ յայտնուեցաւ բոլորին կողմէ սիրուած հեքիաթային Կաղանդ պապան՝ իր տօնական նուէրներով։
Խանդավառ տօնական միջոցառումը, լի բազում անակնկալներով, խաղերով եւ երգ ու պարով շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ