Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ պէտք է Սուրիոյ մէջ ներառական վարչակազմ մը կազմել, եւ կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան՝ աջակցելու երկրին մէջ 13 տարիներ տեւած քաղաքացիական պատերազմին բերումով գաղթական դարձած մարդոց վերադարձին։ Ան այս մասին խօսեցաւ Անգարայի մէջ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լէյենի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Արեւմտեան պետութիւնները կը փորձեն աստիճանաբար կապեր ստեղծել Դամասկոսի նոր իշխանութեան հետ, զոր կը գլխաւորէ «Հայըաթ Թահրիր ալ Շամ» իսլամական խմբաւորումը:
Էրտողան յայտարարեց, որ տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները տեղ չունին՝ յատկապէս նկատի ունենալով քրտական զինեալ խմբաւորումները:
Ֆոն Տեր Լէյեն իր կարգին դիտել տուաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով վերականգնման: Ան նաեւ նշեց, որ Դամասկոսի նկատմամբ պատժամիջոցները ջնջելու շուրջ բանակցութիւնները կրնան սկսիլ, երբ «խաղաղութեան հաստատման գծով իրական յառաջընթաց արձանագրուի»։
Ֆոն Տեր Լէյեն աւելցուց, որ յաւելեալ 1 միլիառ եուրօ պիտի յատկացուի Թուրքիոյ՝ հոն հաստատուած սուրիացիներուն կամաւոր վերադարձին աջակցելու համար: