Տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն՝ Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան յատուկ տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Արարատ տան» մէջ, ներկայութեամբ պատասխանատուներուն եւ մեր տարեց հայրերուն ու մայրերուն: Տօնախմբութեան ներկայ գտնուեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Երեմիա վրդ. Աբգարեան, որ շնորհաւորեց «Արարատ տան» տարեցները, տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը, բոլորին փոխանցելով առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի արեւշատութեան բարեմաղթութիւնները եւ օրհնութիւնները: Ապա, տարեցներուն սիրտերը ողողուեցան յատուկ յայտագիրով մը, որ կ՛ընդգրկէր Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան շարականներ ու երգեր:
Ամբողջ տարուան ընթացքին, զանազան առիթներով, Արեւմտեան թեմի հոգեւոր հովիւներ, առաջնորդին յանձնարարութեամբ՝ կ՛այցելեն «Արարատ տան» տարեցներուն, անոնց բաշխելով հովուական օրհնութիւն եւ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատ օրեր:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ