
Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգային երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի Լենա Կարապետեանի, Ուսումնական մարմինի անդամներու, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Քրիս Կուլճեանի, ինչպէս նաեւ Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ մանկամսուրի վարիչ Անգին Իսկաճեանի: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան:
Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց այցելուներուն եւ իր խօսքին մէջ վեր առաւ Ազգային վարժարաններու մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ շեշտելով հայ դպրոցներու աշակերտները կանուխ տարիքէն Աստուծոյ երկնային պատուիրաններով սնուցելու անհրաժեշտութիւնը:
«Դաստիարակութիւնը նաեւ կ՛իրականանայ կրօնի դասագիրքերու ժամանակակից պատրաստութեամբ», ընդգծեց Գեղամ արքեպիսկոպոսը՝ աւելցնելով, որ կրօնի նոր դասագիրքերու պատրաստութիւնը անհրաժեշտ է վստահիլ ատակ եւ փորձառու հայորդիներու, ապա ան շեշտեց կարեւորութիւնը՝ շրջահայեաց եւ արդի մօտեցումով քրիստոնէական հիմնարար սկզբունքները մանուկ, պատանի եւ երիտասարդութեան սեմին կանգնած աշակերտներուն մատուցելու, ինչպէս նաեւ՝ կրօնի արդիական դասագիրքեր իրականացնելը, «որովհետեւ հինէն ի վեր, հայեցի դաստիարակութեան անբաժան մաս եղած է Հայ եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, երկուքը զիրար ամբողջացուցած են եւ միասնաբար ջամբուած Ազգային վարժարաններու մէջ, մինչ, նոր ժամանակներու մէջ, դժբախտաբար, Հայ եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժինը պահանջուած կարեւորութեամբ չէ, որ մաս կը կազմէ հայեցի կրթութեան համակարգին»: Շարունակելով այս մտածումը, Գեղամ արքեպիսկոպոսը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Մեսրոպեան վարժարանի նորանշանակ տնօրէնուհին Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ու դաւանած արժէքներուն շատ մօտիկ կանգնած՝ հաւատքով լեցուն երիտասարդուհի, յանձնառու անձնաւորութիւն եւ վարժարանի կրթական ղեկավարն է:
Մտերմիկ զրոյցին աւարտին, այցելուները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին առաջնորդին, որ մօտէն կը հետեւի մատղաշ տղոց ու աղջիկներու հոգեկերտուածքի առողջ պահպանման եւ զարգացման, ապա անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց վարժարանին ու մանկամսուրի ներկայ իրավիճակին, աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին՝ դիտել տալով, որ նոր մարզասրահին կառուցումը ամբողջացման ընթացքի մէջ է, եւ որ հաւանաբար պատրաստ պիտի ըլլայ երկու ամիսէն:
Սրբազանը շնորհաւորեց երկու կառոյցներուն պատասխանատուները եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց անոնց՝ նշելով, որ նախապատիւ կը համարէ այցելել հայկական վարժարաններ եւ խոստացաւ ամէնէն յարմար առիթով պաշտօնապէս այցելել նաեւ Մեսրոպեան վարժարանը եւ Գաբրիէլ մանկամսուրը
Հուսկ, վարժարանի պատասխանատուները յիշատակի իւրայատուկ նուէր մը փոխանցեցին առաջնորդին: