
ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Ազգային աւանդութիւնները եւ մշակոյթը պահպանելը եւ փոխանցելը բարձր արժէքներ են, որոնք իւրայատուկ ուշադրութեան արժանի պէտք է ըլլան:
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային մեր վարժարանին համար, առաւել քան երկու տասնամեակներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է դպրոցական ճանապարհորդութիւնը դէպի հայրենիք՝ Հայաստան եւ Արցախ։ Անիկա միայն շրջապտոյտ մը չէ եղած, այլ՝ աւելին. զայն անվերապահօրէն կարելի է անուանել «ուխտագնացութիւն դէպի հայրենի աշխարհ», ուր սարերը եւ ձորերը,, դաշտերն ու քարերը, հայրենի հողը եւ ջուրը, իրենց հոգեպարար եւ կենարար խորին խորհուրդը ունին՝ հայ պատանի-պարմանուհիին հասունացման մէջ:
2024-2025 ուսումնական այս նոր տարեշրջանի 14էն 26 Սեպտեմբերի օրերուն, վարժարանիս 12րդ կարգի աւարտական աշակերտները իրենց ընկերակցող խումբ մը պատասխանատու դաստիարակներու հետ ուղղուեցան Հայաստան:
Մինչեւ շրջապտոյտի թուականը, իւրաքանչիւր աշակերտ-աշակերտուհիի համար, առօրեայի անսահման խանդավառութիւնը վերածուեցաւ հայրենասիրական ոգեշնչման նորոգ աղբիւրի մը: Սերտելով մշակութային եւ պատմական կոթողներ, հոգեւոր եւ ազգային կեդրոններ, հայրենի բնութեան հրաշալիքները եւ հայ արուեստը, անոնց միտքերը լուսաւորուեցան։ «Հրաշք հայրենիք» մը ունենալը ազգային հպարտութեան առիթ մը դարձաւ իւրաքանչիւրին համար: Աշակերտներուն խոր նայուածքին եւ հարազատ հոգիին մէջ շեշտուեցաւ ապագային առաւել հայեցի եւ հայրենական արժէքներով հարստացած նոր սերունդի մը ներկայացուցիչները դառնալու լուրջ յաւականութիւնը:
Այո՛, անվերապահ եւ քաջ ինքնավստահութեամբ կը շեշտեմ՝ այն, ինչը մե՛նք՝ պատասխանատուներս, տեսանք, զգացինք եւ ապրեցանք այս շրջապտոյտին ընթացքին, իւրաքանչիւր աշակերտի մօտ, կը հաստատենք վերոյիշեալ միտքը:
Առ այդ, անդրադառնալով շրջապտոյտին դաստիարակչական յայտագիրը կազմող պատմամշակութային յիշարժան վայրերուն՝ կ՛արժէ յիշել հետեւեալը.
– Այցելութիւնը Մատենադարան, ուր հայազգի առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցի Այբուբենի ստեղծագործական յաղթական երթը եւ աւանդը, հայեցի ոգիի եւ ինքնութեան անզուգական հպարտութիւնը փոխանցեց իւրաքանչիւր աշակերտի:
– Հայ մեծ երաժիշտ-երգահան Կոմիտաս Վարդապետի յուշարձան այցելութիւնը, որ աշակերտներուն մէջ հայ երաժշտութեան առաջին ուսուցիչին ոգեշունչ աւանդը եւ հայ երգի ազնուագոյն երաժշտութեան կնիքը դրոշմեց:
– Օշական՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանը եւ հայոց տառերու յուշարձան այցելութիւնը վերանորոգեց հայոց ոսկեղինիկ արժէքը եւ անոր գոյատեւման արդար ուխտը:
– Գեղարդի վանք այցելութիւնը քրիստոնէվայել հաւատքի խորհուրդով եւ շունչով օծեց աշակերտներու մատղաշ հոգիներն ու հիացմունքով լի նայուածքները:
– Գառնին՝ հեթանոսական միակ կանգուն հրաշալիքը, սկսելով անցեալի ըմբռնումներով, ապա անոր յաջորդող մեր ժողովուրդի ազգային եւ քրիստոնէական նորոգ շունչով օծումը, հիացում յառաջացուց անոնց մէջ:
– ԹՈՒՄՕ արհեստագիտական կեդրոնի գոյութիւնը եւ անոր փոխանցած հնարաւորութիւնները շրջանին մէջ ապրող եւ մասնակից դարձող պատանի-պարմանուհիներուն, մեր աշակերտներու երեւակայութիւնը հիացումով պատճարեցին իրենց տարեկից հայրենակիցներուն հանդէպ։
– Բաշ Ապարան յաղթական ճակատամարտով եւ անզուգական զօրավար Դրոյի դամբարանը այցելութիւնը պայքարի նոր յոյս եւ կորով ներշնչեց աշակերտներուն։ Անոնց նայուածքներուն մէջ յստակ էր, որ այսօր (տակաւին) կը վայելենք հայրենիք մը ունենալու բախտաւորութիւնը…:
– Մայր տաճար Ս. Էջմիածինը եւ անցեալի փառահեղ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը եւ անոր շրջափակին մէջ զետեղուած հայ ժողովուրդի անզուգական կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկի «շերեփ»ը եւ փոխանցուած պատգամը զգաստացուց աշակերտներուն բուռն հաւատքը՝ ազգային եւ հայրենական արժէքներու պահպանման հանդէպ:
– Առաւել յիշարժան եւ տպաւորիչ էր՝ այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ անոր նուիրուած թանգարանը, ուր աշակերտները խոր ակնածանքով եւ ազգային գիտակից արթնութեամբ յարգեցին մեր ժողովուրդի մարդկային եւ հողային ահաւոր կորուստները… ։ Խոր լռութեամբ եւ արցունքոտ աչքերով ողողուած հոգոցներով եւ սրտաբուխ խօսքերով, անոնք միացան անմար կրակի խորհրդաւոր բոցերուն, որուն յաջորդեց իւրաքանչիւրին սրտաբուխ խոստումները՝ անմահ զոհերու յիշատակին, որոնք նոր յոյսեր ներշնչեցին անոնց մէջ եւ կարծէք միաձուլուեցան հայրենի հողին եւ օդին հետ:
– 19 Սեպտեմբերին՝ Արցախեան վերջին պատերազմի տարելիցին ցաւոտ յիշատակին առիթով, այցելութիւնը նոր զոհերով ողողուած Եռաբլուր, այդ օրը, բազմամարդ իր եռուզեռով կարծէք կը մրցէր տեղացող անձրեւի յորդառատ կաթիլներուն հետ։ Շշմած նայուածքներով ուսանողներէն ծորող արցունքի կաթիլները կը լուային անոնց տրտում դէմքերը։ Իւրաքանչիւր նոր շիրիմի դիմաց, անոնք երկար, անխօս եւ քարացած կը մնային։ Ի՞նչ կը մտածէին արդեօք… բայց ժամանակը ետդարձ չունի։ Լուռ եւ դանդաղ քայլերով ակամայ կը հեռանային՝ կանգնելու այլ նահատակի մը շիրիմին դիմաց, զետեղելով իրենց ձեռքին մէջ ամուր սեղմած վառ կարմիր մեխակը… Աւա՜ղ, շատ կանուխ էր հողին յանձնուելու…:
– Սարդարապատ յուշահամալիր այցելութեամբ, յաղթանակի արդար պատին եւ զանգակներու ղօղանջին տակ, աշակերտները յաղթանակի մեծ խորհուրդով երգեցին «Զանգեր ղօղանջէք, սրբազան քաջերին կանչէք» եւ վերանորոգ ուխտով օծեցին իրենց հայկական հպարտ ինքնութիւնը, որ «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»…:
Վերջապէս, «Փիլիպոս»ի աւարտական կարգի այս ուխտագնացութիւնը ո՛չ միայն ազգային հպարտութեան, հիացումի, այլ նաեւ առաւել ընկերային մտերմութեան հասուն պահեր ապրելու իւրայատուկ առիթ մըն էր կարծէք բոլորին համար: Վերջապէս, «Մեր ազգային պարտքը՝ մեր ուխտն է» լօզունգի հաստատումն էր..:
Այսպէս, նախօրօք ծրագրուած, զոհուած, կամ առաջին կարգի հաշմանդամ հայ զինուորի մը բնակարանը այցելութիւնը եւ անոնց հետ հարազատ կապի մէջ ըլլալը, խոր յուզումով պատուած աննկարագրելի հպարտութիւն կը յառաջացնէին աշակերտներուն մատղաշ հոգիներուն մէջ. այնտեղ անոնք իրենց երախտագիտութիւնը եւ խոր յարգանքը կը մատուցէին հայ զինուորին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն, նիւթական կոկիկ նուիրատուութեան մը կատարելով:
Վերջապէս` դէպի հայրենիք երկշաբաթեայ աւանդական ուխտագնացութիւնը, Փիլիպոսի 2024- 2025 տարեշրջանի էջերով անգամ մը եւս դրոշմուեցաւ, երբ աւարտական իւրաքանչիւր աշակերտ-աշակերտուհիի մտքի պաստառին եւ հայեցի ոգիի անսահմանութեան մէջ բոյն դրաւ:
Եւ այսպէս, պահը հասած էր հրաժեշտ տալու եւ արցունքոտ աչքերով անոնք հրաժեշտ տուին հայրենիքին: