Ըստ այս տարուան Յունուարէն Օգոստոս ամիսներուն տուեալներուն՝ Ատրպէյճան 16.5 միլիոն թոն քարիւղ արտածած է դէպի 23 երկիրներ, կը հաղորդէ «Ազատութիւն»ը:
Ատրպէյճանական քարիւղ ամէնէն շատ ներածած են՝ Իտալիա` առաւել քան 6.2 թոն եւ Իսրայէլ` 2.2 միլիոն թոն: Երրորդ դիրքը կը գրաւէ Չեխիան, որ 2024ի առաջին կիսամեակին Ատրպէյճանէն առաւել քան մէկ միլիոն թոն քարիւղ ներածած է:
Ընդհանուր առմամբ, ըստ պետական մաքսային յանձնախումբի տուեալներուն, այս տարուան սկիզբէն Ատրպէյճան քարիւղի արտածումէն ստացած է առաւել քան 10 միլիառ տոլար: